image

Փլովտիւի մէջ. ՀՄԸՄ-ի երկարամեայ անդամուհին ի պատուի (Լուսանկար)

 Փլովտիւի մէջ. ՀՄԸՄ-ի երկարամեայ անդամուհին ի պատուի (Լուսանկար)

 

 

 

 Օրերս  նշուած է Պուլկարիոյ Փլովտիւ քաղաքին մէջ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-րդ տարեդարձը։

Այս առթիւ ալ տեղի ունեցած են  բազմաթիւ միջոցառումներ, որոնց ներկայ եղած է ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Տիար Վաչէ Նաճարեան, որ նոյնպէս պատուած է ՀՄԸՄ-ի Պուլկարիոյ ընտանիքի նուիրեալ անդամուհիներէն ՝ Տիրուհի Գրիգորեանը։

Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ ՀՄԸՄ-ի դիմատետրի էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝

 

Հ.Մ.Ը Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեան ներկայ գտնուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Փլովտիվի Մեկուսի Շրջանի 100-ամեակի նշումին։ Ան Կեդրոնական Վարչութեան պատգամը փոխանցեց եւ ապա «Արտակարգ» պատուանշանով պարգեւատրեց Հ․Մ․Ը․Մ․ի Պուլկարիոյ ատենապետներու խորհուրդի երկարամեայ ատենապետուհի քոյր Տիրուհի Գրիգորեանը։