Դանիայի պաշտպանութեան հետախուզական ծառայութեան կողմէ կազմուած սպառնալիքներու գնահատման նոր զեկոյցին մէջ Դանիան առաջին անգամ Միացեալ Նահանգները կը ներառէ երկրի համար սպառնալիքներու շարքին մէջ, հաղորդած է B.T.-ն։
Նշուած է, որ զեկոյցը պաշտօնապէս պիտի հրապարակուի չորեքշաբթ օր։
«Առաջին անգամ Միացեալ Նահանգները կը յիշատակուի որպէս բացասական աղբիւր Դանիայի դէմ ուղղուած սպառնալիքներու միջավայրին մէջ»,-գրած է թերթը՝ յղում ընելով դանիական Berlingske թերթին։
Թերթի տուեալներով՝ փաստաթուղթին մէջ նշուած է, որ Միացեալ Նահանգներն այժմ իր տնտեսական եւ արհեստագիտական հզօրութիւնը կ՚օգտագործէ որպէս ազդեցութեան միջոց, այդ շարքին՝ դաշնակիցներու եւ գործընկերներու դէմ։ Դանիական լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ՝ Միացեալ Նահանգներէն բացի, որպէս Դանիայի անվտանգութեան սպառնացող երկիրներ նշուած են նաեւ Ռուսիան եւ Չինաստանը։
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը բազմիցս յայտարարած է, որ Կրինլանտը պէտք է դառնայ Միացեալ Նահանգներու մաս։ Ան ընդգծած է ատոր ռազմավարական կարեւորութիւնը ազգային անվտանգութեան եւ «ազատ աշխարհի» պաշտպանութեան համար, այդ շարքին՝ Չինաստանէն եւ Ռուսիայէն։ Կրինլանտի նախկին վարչապետ Մութէ Էկետէն պատասխանած է, որ կղզին վաճառքի ենթակայ չէ եւ երբեք ալ պիտի չվաճառուի։ Թրամփ, սակայն, հրաժարած է պարտաւորուիլ չկիրառել ռազմական ուժ Կրինլանտի նկատմամբ վերահսկողութիւն հաստատելու համար։
Կրինլանտը դանիական գաղութ էր մինչեւ 1953 թուականը։ Այն կը մնայ թագաւորութեան մաս, բայց 2009 թուականին ձեռք բերած է ինքնավարութիւն՝ ինքնակառավարման եւ ինքնուրոյն եւ անկախ ընտրութիւն կատարելու իրաւունքով։