image
Հրատապ լուրեր:

Փենթակոնը հաստատած է՝ 5000 ամերիկացի զինուոր պիտի հեռանայ Գերմանիայէն

Փենթակոնը հաստատած է՝ 5000 ամերիկացի զինուոր պիտի հեռանայ Գերմանիայէն

ԱՄՆ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը նախատեսէ մօտ 5000 զինուոր դուրս բերել Գերմանիայէն՝ առաջիկայ 6-էն 12 ամիսներու ընթացքին, հաղորդած է AFP-ն՝ յղում ընելով Փենթակոն-ի տուեալներուն։

ԱՄՆ պաշտպանութեան նախարար Փիթ Հեկսեթի հրամանով իրականացուելիք այս քայլը, ըստ պաշտօնական մեկնաբանութեան, արդիւնք է Եւրոպայի մէջ ամերիկեան զօրքերու ներկայութեան «մանրակրկիտ վերանայման»։ Փենթակոնի խօսնակ Շոն Փարնելը նշած է, որ որոշումը հաշուի կ՚առնէ ինչպէս գործողութիւններու պահանջները, այնպէս ալ տեղւոյն մէջ առկայ պայմանները։

Աւելի վաղ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր Truth Social ընկերային ցանցի հարթակին վրայ գրած էր, որ Ուաշինկթընը կը քննարկէ Գերմանիոյ մէջ զօրքերու թիւի կրճատման հարցը՝ աւելցնելով, որ վերջնական որոշումը պիտի ընդունուի մօտ ժամանակներս։

Պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալներով՝ 2025 թուականի դեկտեմբերի դրութեամբ Եւրոպայի մէջ մշտապէս տեղակայուած եղած է շուրջ 68 հազար ամերիկացի զինուոր, որոնցմէ աւելի քան 36 հազարը՝ Գերմանիոյ մէջ։ Համեմատութեան համար, Պաղ պատերազմի տարիներուն՝ 1985-ին, Արեւմտեան Գերմանիոյ մէջ տեղակայուած էր շուրջ 250 հազար ամերիկացի զինուոր։