image

Փենթակոնի վերանուանումը կրնայ միլիառաւոր տոլարներ արժել

Փենթակոնի վերանուանումը կրնայ միլիառաւոր տոլարներ արժել

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան վերանուանումը Պատերազմի նախարարութիւն կրնայ միլիառաւոր տոլարներ արժել Ուաշինկթընի համար։ Politico թերթը ուշադրութիւն հրաւիրած է այս հանգամանքին։

Լրատուամիջոցը նշած է, որ այդ գումարի առիւծի բաժինը կրնայ ուղղուիլ 40 երկիրներու եւ Միացեալ Նահանգներու բոլոր 50 նահանգներու մէջ Փենթակոնի աւելի քան 700 հազար կառոյցներու վրայ այս գերատեսչութեան տարբերանշաններու փոփոխման։ Այս կ'ենթադրէ 6 զօրատեսակներու եւ Փենթակոնին ենթակայ գործակալութիւններու ապրանքանշային ձեւաթուղթերու, ճաշարաններուն մէջ դրոշմուած անձեռոցիկներու, Ծերակուտականի հաստատուած պաշտօնեաներու բաճկոններուն վրայի տարբերանշաններու, ինչպէս նաեւ խանութներու յուշանուէրներու փոխարինում։ 

Ըստ Politico-ի տեղեկութիւններուն՝ 5 սեպտեմբերին, նախագահ Տանըլտ Թրամփի ստորագրած հրամանագիրը հիասթափութիւն, զայրոյթ եւ տարակուսանք առաջացուցած է Փենթակոնի շատ մը աշխատակիցներու մօտ։ Անոնք կը գտնեն, որ այս որոշման իրականացումը կրնայ միլիառաւոր տոլարներու ծախս պահանջել փոփոխութիւններուն համար, որոնք գործնականօրէն չեն նպաստեր ռազմական աւելի հրատապ  խնդիրներու լուծման։

Հաղորդուած է, որ Փենթակոնի պաշտօնական անուանափոխութեան համար, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի պահանջուի համապատասխան օրէնքի ընդունում Քոնկրէսին մէջ։