Սագօ Արեան Լրագրողի էջ-էն կը կարդանք՝
Մեծաթիւ ընկերներու խնդրանքով գրեցի Լիբանանի ֆինանսա-քաղաքական կարեւոր օրակարգին մասին
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԱՐԿԸ «ՓՐԿԵԼՈՒ» 100 ՀԱԶԱՐ ՏՈԼԱՐԷՆ ՆՈՒԱԶ ԱՒԱՆԴ ՈՒՆԵՑՈՂ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐՈՒ ԴՐԱՄԱԳԼՈՒԽՆԵՐԸ
«ՔԱՆՈՒՆ ՖԱԺՈՒԱ» կը կոչուի օրինագիծը
Վարչապետ Սալամ եթէ յաջողի այս առաքելութեան մէջ, Լիբանանի տնտեսութիւնը եւ տարիներէ ի վեր «անտեսուած» քաղաքացիներու մեծ տոկոսը ի վերջոյ պիտի կարողանայ շունչ մը քաղել եւ ստանալ իր գումարները։
Տարեվերջի վերջին օրերուն Լիբանանի մէջ ուշադրութեան կարեւոր առանցք դարձաւ Լիբանանի Կառավարութեան կողմէ վաւերացուած օրինագիծ մը, որուն հիմամբ Լիբանանեան դրամատուներուն մէջ աւանդներ ունեցող (յատկապէս միջին խաւի դրամագլուխներուն մասին է խօսքը) քաղաքացիները (նաեւ օտարահպատակները) պիտի կարողանան վերստանալ իրենց գումարները։
Խօսքը մինչեւ Ամերիկեան Տոլար ունեցողներուն մասին է եւ այդ առումով ալ ընդունուած առաջարկ-օրինագիծը շուտով պիտի «հանգրուանէ» Խորհրդարանին մէջ ու յետ քննարկման դրուի քուէարկութեան։
Ընդառաջելով մեծ թիւով ընկերներու եւ հետեւորդներու առաջարկութեան ստորեւ կը ներկայացնեմ այդ օրինագծին հիմնական կէտերը։
Լիբանան․ ֆինանսական բացը լուծելու եւ աւանդները վերականգնելու օրինագիծ
………
Եւ այսպէս օրինագիծը, , նպատակ ունի լուծելու ֆինանսական համակարգի մէջ գոյացած մեծ բացը եւ հնարաւորութիւն ընձեռելու, որ իրենց խնայողութիւններէն զրկուած աւանդատէրերը աստիճանաբար վերատիրանան իրենց գումարներուն։
Միջազգային կազմակերպութիւնները՝ գլխաւորաբար Համաշխարհային Պանքը, լիբանանեան ճգնաժամը կը դասեն աշխարհի ամենածանր տնտեսական ճգնաժամերուն շարքին՝ 19-րդ դարու կէսերէն ի վեր։ Ճգնաժամը յանգեցուցած է տոլարով հաշիւներու սառեցման, կանխիկ դրամի դուրսբերման խիստ սահմանափակումներու եւ լիբանանեան լիրայի արժէքին՝ 95 տոկոսէ աւելի անկումի։ Կառավարութիւնը 2022 թուականին ֆինանսական կորուստները գնահատած էր շուրջ 70 միլիառ ամերիկեան տոլարով, որ ըստ մասնագէտներու՝ յետագայ տարիներուն աւելի բարձրացած է։
Ակնթարթային վճարումներ եւ գոյքով երաշխաւորուած պարտատոմսեր
Օրինագիծը, կը նախատեսէ փոքր աւանդատէրերուն՝ այսինքն անոնց, որոնց աւանդները 100 հազար տոլարէն քիչ են, գումարները վերադարձնել ամսական կամ եռամսեայ հատուածներով՝ չորս տարուան ընթացքին։
Իսկ այս շեմը գերազանցող աւանդները մասամբ պիտի մարուին Լիբանանի Կեդրոնական Պանքին կողմէ թողարկուելիք՝ գոյքով երաշխաւորուած արժէթուղթերով, որոնց տարեկան նուազագոյն շահութաբերութիւնը 2 տոկոս պիտի ըլլայ։
Օրինագիծը նաեւ կը սահմանէ այս արժէթուղթերու մարման ժամկէտները՝ ըստ աւանդներու չափին․ մինչեւ մէկ միլիոն տոլարի պարագային՝ 10 տարի, մէկէն մինչեւ հինգ միլիոն տոլարի պարագային՝ 15 տարի, իսկ հինգ միլիոնը գերազանցող աւանդներուն համար՝ 20 տարի։ Այս վկայագրերը պիտի երաշխաւորուին Կեդրոնական Պանքին պատկանող գոյքերու եկամուտներով ու շահոյթներով, ինչպէս նաեւ գոյքերու հնարաւոր վաճառքէն ստացուելիք եկամուտներով։
Կառավարութեան դիրքորոշումը եւ քաղաքական մարտահրաւէրները
Նոյն առումով կը խօսուի նաեւ, թէ կառավարութիւնը վեց տարիներու կաշկանդումէն ետք վերջապէս աւարտած է ֆինանսական բացը լուծելու եւ աւանդները վերադարձնելու ամբողջական իրաւական առաջին շրջանակը՝ շեշտելով կառավարութեան յանձնառութիւնը՝ արդարացնել աւանդատէրերը եւ վերականգնել ներքին ու արտաքին վստահութիւնը։
Այս ուղղութեամբ Լիբանանի վարչապետ Թամմամ Սալամ նաեւ բացատրած է, որ 100 հազար տոլարէն աւելի աւանդ ունեցողները այս գումարը պիտի ստանան կանխիկ, փոքր աւանդատէրերուն նման, եւ անոր հետ միասին՝ պանքային շրջանառելի պարտատոմսեր՝ իրենց ամբողջ աւանդի չափով, առանց մայր գումարի կրճատումին։
Այդուհանդերձ, օրինագիծի ընդունումը կը բախի քաղաքական լուրջ խոչընդոտներու։ Տնտեսական աղբիւրներու համաձայն, շարք մը երեսփոխաններ անմիջականօրէն շահագրգռուած են օրինագիծով՝ որպէս մեծ աւանդատէրեր կամ պանքերու բաժնետէրեր, ինչ որ կրնայ խափանել անոր ընդունումը խորհրդարանին մէջ, ինչպէս պատահած է միջազգային նուիրատու կազմակերպութիւններու պահանջած նախորդ բարեփոխումներուն հետ։