Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Փիթ Հեկսըթ կնոջը` Ճենիֆըր Հեկսեթը, տարած է Փենթակոնի գաղտնի հանդիպումներուն, գրած է The Wall Street Journal: Խօսքը 2 հանդիպման մասին է, որոնց ծիրէն ներս օտարերկրեայ ռազմական գործընկերներու հետ քննարակուած են գաղտնի տեղեկութիւններ:
«Պաշտպանութեան նախարար Փիթ Հեկսըթն իր կնոջը՝ Fox News-ի նախկին արտադրողը, բերած է օտարերկրեայ զինուորական գործընկերներու հետ երկու հանդիպման, ուր քննարկուած են զգայուն տեղեկութիւններ», - ըսուած է յօդուածին մէջ:
Ըստ WSJ-ին՝ այդ հանդիպումներէն մէկը տեղի ունեցած է այն ժամանակ, երբ Միացեալ Նահանգներ հրաժարած է ռազմական աջակցութիւն ցուցաբերելէ Ուքրանիոյ զինուած ուժերուն։ Զրոյցը գաղտնի էր եւ հանդիպման իւրաքանչիւր մասնակից ունէր մասնակցութեան համապատասխան թոյլտուութիւն: