Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Միւնիխի Ապահովութեան համաժողովի ծիրին մէջ, Ուրբաթ օր հանդիպում մը ունեցած է Մեծն Բրիտանիոյ գաղտնի հետախուզական ծառայութեան ղեկավար Ռիչըրտ Մուրի հետ:
Շարք մը այլոց կողքին Փաշինեան հանդիպած է նաեւ ԵԱՀԿի գործող նախագահ, Մալթայի Հանրապետութեան արտաքին գործոց, Եւրոպայի եւ առեւտուրի նախարար Իըն Պորճի հետ։
Ըստ վարչապետի աշխատակազմին՝ կողմերը կարծիքներ փոխանակած են Հարաւային Կովկասի իրադարձութիւններուն շուրջ: Փաշինեան անդրադարձած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ հայկական կողմի սկզբունքներուն։
Ըստ աղբիւրին՝ շեշտուեած է ԵԱՀԿի գործիքակազմի արդիւնաւէտ կիրառումը՝ նպաստելու համար տարածաշրջանային կայունութեան եւ ապահովութեան։
Քննարկուած է նաեւ Հայաստանի եւ Մալթայի միջեւ բազմաոլորտ համագործակցութեան եւ կապերու հետագայ զարգացման վերաբերող հարցեր։
Նշենք, որ Փաշինեան մասնակցեցաւ Միւնիխի Ապահովութեան համաժողովի բացման արարողութեան, որուն ներկայ էին քանի մը տասնեակ երկիրներու նախագահներ, կառավարութիւններու ղեկավարներ եւ արտաքին գործոց նախարարներ, ինչպէս նաեւ ՄԱԿի, ԵԱՀԿի եւ ՆԱԹՕի ընդհանուր քարտուղարները եւ ուրիշներ: