image
Հրատապ լուրեր:

Փաշինեանը հայ–ատրպէյճանական սահմանի լարուածութեան աճը քննարկած է Գերմանիոյ վարչապետի հետ

Փաշինեանը հայ–ատրպէյճանական սահմանի լարուածութեան աճը քննարկած է Գերմանիոյ վարչապետի հետ

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հայ–ատրպէյճանական սահմանի լարուածութեան աճի միտումները քննարկած է Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան վարչապետ Օլաֆ Շոլցի հետ: Տեղեկութիւնը յայտնած է ՀՀ վարչապետի մամուլի ծառայութիւնը։

«Զրուցակիցները քննարկել են Լաչինի միջանցքի ապօրինի արգելափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղում հումանիտար ճգնաժամի խորացման, Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ադրբեջանական զօրքերի կուտակման, Հայաստան-Ադրբեջան պետական սահմանին լարուածութեան աճի միտումներին վերաբերող հարցեր»,– ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Հեռախօսազրոյցի ընթացքին Փաշինեանը վերահաստատած է իր հաւատարմութիւնը բոլոր հարցերը բացառապէս դիւանագիտական ճանապարհով ու կառուցողական մթնոլորտի մէջ կարգաւորելու մօտեցումներուն՝ հիմք ընդունելով 2022 թուականի հոկտեմբեր 6-ին Փրակայի մէջ եւ 2023 թուականի մայիս 14-ին Պրիւքսէլի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները։

Շոլցը նշած է, որ պատրաստակամ է աջակցելու տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման ուղղուած ջանքերուն:

Վարչապետն ընդգծած է, որ պատրաստ է լարուածութիւնը նուազեցնելուն միտուած հրատապ քննարկումներ ունենալու Ատրպէյճանի նախագահի հետ: