Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այց կատարած է Արենի համայնք` հանդիպելով Խաչիկ բնակավայրի բնակիչներուն հետ, տեղեկացուցած են Արենիի համայնքապետարանէն։
Վարչապետին ուղեկցած են ՀՀ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Գնել Սանոսեան, ՀՀ Վայոց ձորի մարզպետ Քոլեա Միքայէլեան եւ Արենի համայնքի ղեկավար Յուսիկ Սահակեան։
Բնակիչները շնորհակալութիւն յայտնած են բնակավայրի համար կարեւոր որոշման`վարկերու ներման համար, ապա ներկայացուցած իրենց աւելի յուզող խնդիրները`տարբեր ոլորտներու մէջ։