image

Փաշինեանի օդանաւի համար ալ փակած ենք Թուրքիոյ օդային տարածքը․ Չաւուշօղլու

Փաշինեանի օդանաւի համար ալ փակած ենք Թուրքիոյ օդային տարածքը․ Չաւուշօղլու

Թուրքիան փակած է իր օդային տարածքը Հայաստանի VIP անձանց, այդ շարքին՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի թռիչքներու համար դէպի երրորդ երկիրներ։ Այս մասին թրքական 24TV-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն, այս մասին գրած է «Ռիա նովոստի»-ն։

«Թուրքիոյ օդային տարածքով ամէն օր թռիչքներ կ'իրականացուէին։ Հիմա փակած ենք։ VIP անձանց համար ալ փակած ենք, թող մեզմէ չնեղանան։ Փաշինեանի օդանաւի համար ալ փակած ենք։ Եկած է միայն Հայաստանի խորհրդարանի նախագահը (Ալեն Սիմոնեանը )՝ ՍԾՏՀ ԽՎ նիստին (Անգարայի մէջ): Մենք հիւրընկալած ենք գագաթնաժողովը, ուստի անհնար էր փակել կազմակերպութեան անդամի համար»,-ըսած է Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարը:

Ապրիլի վերջը Անգարան չեղեալ յայտարարած էր հայկական FlyOne Armenia օդանաւային ընկերութեան՝ Եւրոպա թռելու ժամանակ Թուրքիոյ օդային տարածքն օգտագործելու թոյլտւութիւնը։