Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող քաղաքացիները գիշերած են Հանրապետութեան հրապարակի մէջ: Այս պահուն քաղաքին մէջ ձիւն կը տեղայ:
Արշաւի մասնակիցները փայտէ վառարան վարած են եւ վրան գետնախնձոր կը պատրաստեն:
Ցուցարարները կրակ վարած են նաեւ մետաղեայ տակառներու մէջ, որպէսզի տաքնան: