image
Հրատապ լուրեր:

Փաշինեան ընդունած է Թրամփի Խաղաղութեան խորհուրդին միանալու առաջարկը

Փաշինեան ընդունած  է Թրամփի  Խաղաղութեան խորհուրդին  միանալու առաջարկը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ստացած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի պաշտօնական հրաւէրը՝ Խաղաղութեան խորհուրդին որպէս հիմնադիր անդամ միանալու վերաբերեալ։ Այս մասին յայտնած է վարչապետի մամուլի խօսնակ Նազելի Բաղդասարեանը։

«‎Վարչապետ Փաշինեանը սիրով եւ պատասխանատւութեամբ ընդունել է առաջարկը՝ վերահաստատելով Հայաստանի յանձնառութիւնը խաղաղութեան առաջմղմանը»,- գրած է Բաղդասարեանը:

Խաղաղութեան խորհուրդը միջազգային նոր հարթակ է, որու ստեղծման մասին Տանըլտ Թրամփ պաշտօնապէս յայտարարած է յունուար 16-ին: Կառոյցի հիմնական առաքելութիւնը Կազայի հատուածի յետպատերազմեան վերակառուցման, ապառազմականացման եւ տարածաշրջանային կայունութեան ապահովման կառավարումն է:

Թրամփն այս նախաձեռնութիւնը ներկայացուցած է որպէս Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան այլընտրանքային, առաւել գործնական եւ արդիւնաւէտ ձեւաչափ, որ պէտք է գործէ անմիջականօրէն իր վարչակազմի հովանիի ներքոյ:

Ըստ Թրամփի յայտարարութիւններու՝ խորհուրդը պիտի ըլլայ «երբեւէ ստեղծուած ամենահզօր մարմինը», որու կանոնադրութիւնը նախատեսուած է ստորագրել 2026-ի յունուար 22-ին՝ Տաւոսի մէջ:

Խորհուրդի գործադիր կազմին մէջ ընդգրկուած են Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարկքօ Ռուպիոն, նախագահի խորհրդական Ճարետ Քուշները, Մեծ Բրիտանիոյ նախկին վարչապետ Թոնի Պլերը եւ Համաշխարհային դրամատան նախագահ Աճայ Պանկան: