Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն արձանագրած է, որ 2015 թուականին ընդունուած Սահմանադրութիւնը, որ ամբողջութեամբ ուժի մէջ մտած է 2018 թուականին, այս ընթացքին ի ցոյց դրած է բազմաթիւ թերութիւններ: ՀՀ վարչապետն այս մասին ըսաւ Հանրապետութեան հրապարակին մէջ հրաւիրուած հանրահաւաքի ընթացքին:
«Եւ մենք այսօր էլ տեսնում ենք, որ այդ Սահմանադրութիւնը, ցաւօք, բազմաթիւ ճգնաժամային ռիսքեր է ստեղծում: Կարծում եմ ժամանակն է արձանագրել, որ մենք պիտի աշխատենք, որ այս տարուայ հոկտեմբերին համաժողովրդական հանրաքուէով ընդունենք նոր Սահմանադրութիւն կամ սահմանադրական փոփոխութիւններ, եւ ի վերջոյ կիսանախագահական կառավարման համակարգի անցնելը հնարաւոր տարբերակներից մէկը պէտք է լինի: Եւ այդ գործընթացը մենք պէտք է իրականացնենք Ազգային ժողովի, կառավարութեան, ՀՀ նախագահի, քաղաքական ուժերի եւ քաղաքացիական հանրութեան հետ սերտ համագործակցութեան պայմաններում»,- նշած է Փաշինեանը:
Ան աւելցուցած է, որ կան յօդուածներ Սահմանադրութեան մէջ,որոնց փոփոխումը չենթադրեր համաժողովրդական հանրաքուէ եւ այդ կարելի է փոխել ԱԺ-ի մէջ քուէարկութեան միջոցով: «Առաջիկայ մէկ ամսուայ ընթացքում մենք պէտք է նոյն ֆորմաթներով՝ կառավարութիւն, Ազգային ժողով, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ, քաղաքական ուժեր, աշխատենք լաւարկելու համար այն յօդուածները, որոնք լաւարկելու հնարաւորութիւն կայ ԱԺ-ում խորհրդակցութիւնների եւ քուէարկութեան արդիւնքում: Սա մի աշխատանք է, որ պիտի անենք»,- ըսած է ան:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել