image
Հրատապ լուրեր:

Իրան երբեք չէ ձգտած աթոմային ռnւմբի մշակման. Մասուտ Փեզեշքիան

Իրան երբեք չէ ձգտած աթոմային ռnւմբի մշակման. Մասուտ Փեզեշքիան

Իրան երբեք չէ ձգտած աթոմային ռումբի մշակման։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանը։

«Թշնամիները կ՚ըսեն, որ Իրանը պէտք չէ ձգտի միջուկային զէնք ունենալ, բայց մենք բազմիցս յայտարարած ենք, որ չենք ձգտիր միջուկային զէնքի»,-ըսած է ան Իրանի պետական հեռուստառատիոընկերութեան եթերով։

2003-էն Իրանի մէջ կը գործէ Իսլամական Հանրապետութեան գերագոյն առաջնորդ այաթոլլա Ալի Խամենէիի «ֆեթուա»ն, համաձայն որու՝ միջուկային զէնքի արտադրութիւնն արգիլուած է։ Իսլամական Հանրապետութեան իշխանութիւնները բազմիցս յայտարարած են աթոմային ռումբ ստեղծելու մտադրութեան բացակայութեան մասին։