image
Հրատապ լուրեր:

Պէյրութ. Արեւելումի բաց դռներ՝ Մեսրոպեան վարժարանէն ներս

Պէյրութ. Արեւելումի բաց դռներ՝ Մեսրոպեան վարժարանէն ներս

Ուսումնական արեւելումը աշակերտի կեանքին մէջ վճռորոշ փուլ մըն է, որովհետեւ ան կը միացնէ դպրոցի տարիները ապագայ մասնագիտական եւ համալսարանական կեանքին հետ։ Ճիշդ արեւելումը միայն մասնագիտութիւն ընտրել չէ, այլ՝ ինքնաճանաչման, կարողութիւններու բացայայտման եւ գիտակից որոշում կայացնելու ընթացք մըն է։

Այս շրջանին մէջ աշակերտը կը սորվի կշռադատել իր նախասիրութիւնները, ձիրքերը եւ արժէքները՝ զանոնք համադրելով կրթական հնարաւորութիւններուն հետ։ Հետեւաբար, ուսումնական արեւելումը կամուրջ մըն է դպրոցական կրթութենէն դէպի հասուն եւ պատասխանատու ապագայ։

«Արեւելք»


6 Փետրուարի 2026-ին, 17 համալսարաններու ներկայացուցիչներ հրաւիրուեցան Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի Արեւելումի եւ գործի գրասենեակին կողմէ՝ հանդիպելու վարժարանի բարձր դասարաններու աշակերտներուն հետ։


Մեր աշակերտները ծանօթացան համալսարաններու կրթական ծրագիրներուն եւ ներկայացուցիչներուն հարցեր ուղղեցին իրենց կրթական հետաքրքրութիւններուն վերաբերեալ։ Միջոցառումը կազմակերպուած էր օգտակար դառնալու աշակերտներուն, որպէսզի կարենան լաւագոյն ընտրութիւններ կատարել ապագային՝ իրենց յարմարող մասնագիտութիւններուն մէջ։


Կ'ուզենք մեր խորին շնորհակալութիւնը յայտնել ընդհանուր կրթական առաքելութեան մէջ մեր գործընկերներուն, որոնք մասնակցեցան աշակերտներուն համար այս խիստ էական եւ օգտաշատ միջոցառումին։