image

Փաշինեան ներկայ գտնուած է ՔՊ-ական պատգամաւորի հոգեհանգստեան կարգին

 Փաշինեան ներկայ գտնուած է ՔՊ-ական պատգամաւորի հոգեհանգստեան կարգին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան տիկնոջ՝ Աննա Յակոբեանի հետ, Ապարան համայնքի Քուչակ բնակավայրի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մասնակցած է Ազգային ժողովի «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Մաթեւոս Ասատրեանի հոգեհանգստի արարողութեան: Այս մասին յայտնած են վարչապետի աշխատակազմէն։

Յիշեցնենք, որ «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Մաթեւոս Ասատրեանը մահացած է 6 նոյեմբերին: 38-ամեայ պատգամաւորը յանկարծամահ եղած է։