ՀՀ վարչապետն Նիկոլ Փաշինեանն այսօր ելոյթ ունեցած է Հայաստանի պետական մարմիններու ներկայացուցիչներու առաջին համաժողովին: Մարզահամերգային համալիրին մէջ ընթացող այս միջոցառման լրագրողներու մուտքը փակ է: Համաժողովին կը մասնակցին տարբեր նախարարութիւններու եւ պետական հիմնարկներու աշխատակիցներ:
Դատելով ՔՊ-ական պատգամաւոր, խորհրդարանի Առողջապահութեան հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Հռիփսիմէ Յունանեանի տարածած կարճ տեսանիւթէն, Փաշինեան պետական ծառայողներու առջեւ ունեցած ելոյթին մէջ խօսած է միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքային ամբողջականութիւնը պաշտպանելու իրաւունքի եւ նաեւ նոր Սահմանադրութեան ընդունման անհրաժեշտութեան մասին:
«Սպառազինութեան եւ տեխնիկայի ձեռքբերման հնարաւորթիւնները, պաշտպանական տեխնոլոգիաների հասանելիութիւնը աւելացւում է անգամներով։
Սկզբունքային եմ համարում մեր ներքին լեգիտիմութեան ամրապնդումը, որը պէտք է արտայայտուի նոր Սահմանադրութեան ընդունմամբ»,-ըսած է Փաշինեանը: