image

Փաշինեան ԱԺ–ի դիմաց բախումներու մէջ մեղադրած է Գարեգին Բ-ն եւ Ռոպերթ Քոչարեանը

Փաշինեան ԱԺ–ի դիմաց բախումներու մէջ մեղադրած է Գարեգին Բ-ն եւ Ռոպերթ Քոչարեանը

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ԱԺ շէնքի դիմաց ոստիկաններու եւ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման անդամներու միջեւ տեղի ունեցած բախումներու մէջ մեղադրած է Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Երկրորդը եւ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը։ Ան այդ մասին յայտարարած է Ազգային ժողովէն ներս` անդրադառնալով յունիս 12-ին խորհրդարանի մօտ տեղի ունեցած բախումներուն։

«Ամենայն հայոց կաթողիկոսի եւ Ռոբերտ Քոչարյանի կողմից առաջնորդուող շարժման մասնակիցների կողմից յարձակում է տեղի ունեցել ոստիկանների վրայ։ Ոստիկանութեան հակազդեցութիւնը եղել է իրաւաչափ ու պրոֆեսիոնալ, նմանատիպ բոլոր դէպքերում ոստիկանութիւնը գործելու է նոյն կերպ։ Ցուցարարները փորձել են բռնութեամբ ճեղքել ոստիկանութեան շղթան, որպէսզի յարձակում գործեն երկրի բարձրագոյն օրէնսդիր մարմնի վրայ։ Ոստիկանութիւնը պաշտպանել է ՀՀ օրէնսդիր ինստիտուտը եւ ՀՀ պետականութիւնը։ Եպիսկոպոսի կոչում ունեցող մէկը յարձակումից առաջ ոստիկաններին ասել է, թէ տղաներ հանէք ձեր սաղաւարտները, որովհետեւ ձեզ ոչինչ չի սպառնում։ Որոշ ժամանակ անց այդ տղաների ուղղութեամբ քարեր է նետել այդ նոյն մարդը»,– նշած է Փաշինեան։

Ան ընդգծած է, որ սա է այն ամէնը, ինչ պէտք է իմանալ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ 2 բարձրաստիճան հոգեւորականի մասին։

Ըստ վարչապետի՝ տեղի ունեցած «զանգուածային անկարգութիւններու սադրիչները» պէտք է պատասխանատւութեան ենթարկուին։

Ան տեղեկացուցած է, որ տուժած է 18 ոստիկան եւ 83 քաղաքացի։ Այս պահուն հիւանդանոց կը գտնուի 16 անձ, բոլորի վիճակը կը գնահատուի բաւարար։

Խօսելով իրենց իշխանութեան մասին` Փաշինեան վստահեցուցած է` իրենք երբեք չեն եղած ու պիտի չըլլան թոյլ իշխանութիւն։ Ընդգծած է՝ կ՚ըլլան սիրող, կարեկցող, հանդուրժող եւ օգնող, բայց երբեք ոչ թոյլ, քանի որ ըստ իրեն թոյլ իշխանութիւնն աղէտ է պետութեան համար։

«Մենք լեգիտիմութեան եւ օրէնքի ուժով կը ձեռնարկենք բոլոր անհրաժեշտ միջոցները` պետութիւնը, հանրութեանը, ժողովրդավարութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը պաշտպանելու համար»,–ըսած է Փաշինեան։