image

Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպում Ապու Տապիի մէջ. Քննարկուած է իրական խաղաղութեան տեսանելիութիւնը

Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպում Ապու Տապիի մէջ. Քննարկուած է իրական խաղաղութեան տեսանելիութիւնը

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւ Ապու Տապիի մէջ հանդիպման ընթացքին ողջունած են Ուաշինկթընի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հիւրընկալութեամբ եւ վկայութեամբ կայացած Խաղաղութեան գագաթնաժողովի պայմանաւորուածութիւններու կատարման գործին մէջ արձանագրուած առաջընթացը: Անոնք նշած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի դրական առաջընթացի պահպանման եւ առաջմղման կարեւորութիւնը՝ երկկողմ ձեւաչափով:

Ինչպէս կը տեղեկանանք ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տարածած հաղորդագրութենէն, կողմերն ընդունած են, որ երկու հասարակութիւններն ալ ականատես կ՚ըլլան խաղաղութեան իրական օգուտներուն՝ առօրեային մէջ։

Անոնք գոհունակութիւն յայտնած են երկկողմ առեւտուրի մեկնարկի եւ Ատրպէյճանէն Հայաստան նաւթամթերքի շարունակական արտահանման, ինչպէս նաեւ երրորդ երկիրներէն հացահատիկի եւ այլ ապրանքներու տարանցման իրականացման կապակցութեամբ՝ Ատրպէյճանի տարածքով դէպի Հայաստան:

Կողմերը համաձայնած են շարունակել ուսումնասիրել երկկողմ առեւտրատնտեսական համագործակցութեան ընդլայնման հնարաւորութիւնները։

Անոնք նաեւ ողջունած են քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու փոխադարձ այցելութիւնները եւ համաձայնած են վստահութեան ամրապնդման միջոցառումներու ընդլայնման անհրաժեշտութեան հարցով։

Վարչապետ Փաշինեանը եւ նախագահ Ալիեւը քննարկած են TRIPP-ի եւ այլ ենթակառուցուածքներու նախագիծերու իրականացումը։

Հայաստանի վարչապետը եւ Ատրպէյճանի նախագահը վերահաստատած են իրենց պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու աշխատանքը երկու երկիրներու միջեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան հետագայ ամրապնդման ուղղութեամբ եւ համաձայնած են պահպանել շփումները՝ երկկողմ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին աջակցելու նպատակով։