image

Փառուխը ռուսաց զօրքերու, իսկ Քարագլխի մէկ հատուածը ատրպէյճանցիներու տիրապետութեան ներքոյ. Արցախի Շտաբ

Փառուխը ռուսաց զօրքերու, իսկ Քարագլխի մէկ հատուածը  ատրպէյճանցիներու տիրապետութեան ներքոյ. Արցախի Շտաբ

Մարտ 27-ի երեկոյեան եւ 28-ին` ժամը 12:00 դրութեամբ մարտավարական իրադրութիւնը շփման գիծի ամբողջ երկայնքով, այդ շարքին՝ նաեւ շփման գիծի արեւելեան հատուածին մէջ, յարաբերական կայուն է, հրադադարի էական խախտումներ չեն արձանագրուաղ:

Այս մասին կը յայտնէ Արցախի տեղեկատուական շտաբը:

Ասկերանի շրջանի Փառուխ գիւղը այժմ կը գտնուի Արցախի մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահ զօրակազմի վերահսկողութեան գօտիին մէջ:

Շնորհիւ Արցախի զինուած ուժերու խիզախ ջանքերուն` հայկական կողմը յաջողած է կասեցնել ատրպէյճանական զինուած ուժերու ստորաբաժանումներու յառաջխաղացումը եւ պահպանել Քարագլուխ լերան հիմնական մասին հանդէպ տիրապետումը:

Ատրպէյճանական զօրքերը կը շարունակեն մնալ Քարագլուխի մէկ հատուածին մէջ ամրացուած դիրքերուն մէջ:

Աշխատանքները ռուս խաղաղապահ զօրակազմի հրամատարութեան հետ ատրպէյճանական կողմի` ելման դիրքեր վերադառնալու շուրջ կը շարունակուին: