image

Փարիզ. Բացուած է ՀՄԸՄի Ֆրանսայի մարզահամալիրը

Փարիզ. Բացուած է ՀՄԸՄի Ֆրանսայի մարզահամալիրը

22 Նո­յեմ­բերին, Փարիզի հա­յահոծ արուար­ձաննե­րէն Իսի Լէ Մու­լի­նոյի մէջ, բա­ցու­մը կատարուեցաւ ՀՄԸՄի Ֆրանսայի շրջանի մշա­կու­թա­յին եւ մար­զա­կան կեդ­րո­նին։

Կապեր հաստատուած եւ շատ լաւ յարաբերութիւններ ստեղծուած են Իսի լէ Մուլինոյի բոլոր կազմակերպութիւններուն հետ՝ եկեղեցի, դպրոց եւ մշակութային միութիւններ, որպէսզի այս ակումբին գործունէութիւնը յաջողի։

Այս բա­ցառիկ իրա­դար­ձութիւ­նը կը զու­գա­դիպի ՀՄԸՄի Ֆրանսայի շրջանի վերակազմաւորման 50ամեակին եւ բո­լորո­վին նոր հո­րիզոն մը կը բա­նայ հա­մայնքին, յատկա­պէս Իսի Լէ Մու­լի­նոյի շրջա­կայ­քը հաս­տա­տուած հա­յու­թեան ու մա­նաւանդ ապագայ սե­րունդին առ­ջեւ:

Մշակութային առումով, արդէն սրահ մը պիտի տրամադրուի «Արարատ» պարախումբին: Համազգայինի հետ կայ հայերէն դասընթացքներու ծրագիր մը, նաեւ կը մտածուի մանուկներու երգչախումբի մը մասին։ Կեդրոնը ունի նաեւ ճաշարանի բաժին մը։

Նշենք, թէ, ըստ Իսի լէ Մուլինոյի եկեղեցւոյ տուեալներուն, շրջանին մէջ կ՛ապրին 15 հազար հայ ընտանիքներ, այսինքն՝ շուրջ 50-60 հազար անձեր։ Փարիզի հարաւը եւս կ՛ապրին հայեր, հայկական գաղութ ունեցող շրջան Ալֆորվիլէն եւս գետնուղիի ուղիղ գիծ պիտի հասնի Իսի լէ Մուլինօ:

Թե­մի առաջ­նորդ Գրի­գոր եպս. Խա­չատ­րեա­նի ձե­ռամբ կատարուած օրհնու­թեան կար­գէն ետք ծայր առաւ հան­դի­սու­թիւնը, որուն ներ­կայ էր հոծ բազ­մութիւն մը։