Հայաստանի ողիմպիական հաւաքականի անդամ, Ողիմպեական խաղերու ոսկեայ, արծաթեայ եւ պրոնզէ մետալակիր, յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեանը հասած է Փարիզի մէջ ընթացող Ողիմպիական խաղերու կիսաեզրափակիչ:
Քառորդ եզրափակչին Ալեքսանեանը գօտեմարտած է Ուզպեքստանի ներկայացուցիչ, աշխարհի փոխախոյեան, 40-ամեայ Ռուսլամ Ասաքալովի հետ եւ վերջին վայրկեաններուն կամային բարձր որակներու շնորհիւ տպաւորիչ յաղթանակ տարած է 9:5 հաշուով:
Մեկնարկին Ալեքսանեանը ժամանակէն շուտ 9:0 հաշուով առաւելութիւն ունեցած է Հարաւային Քորէայի ներկայացուցիչ Սինճուն Քիմի նկատմամբ: