image

Փաքիստանը պալիսթեան հրթիռ  փորձարկած է

Փաքիստանը պալիսթեան հրթիռ  փորձարկած է

Փաքիստանի զինուած ուժերը մայիս 3-ին՝ շաբաթ օրը, յաջողութեամբ փորձարկած են 450 քմ հեռահարութեամբ Abdali պալիսթիք հրթիռը։

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է երկրի Կառավարութիւնը։

Յատուկ հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ հրթիռի արձակումն իրականացուած է զօրքերու դաշտային պատրաստուածութիւնն ապահովելու եւ ատոր հիմնական տեխնիկական չափանիշերու, այդ շարքին՝ կատարելագործուած ուղղորդող համակարգի ստուգման եւ թռիչքային բարելաւուած բնութագրերու ստուգման նպատակով։

Abdali մարտավարական հրթիռները կրնան կրել ինչպէս սովորական, այնպէս ալ միջուկային մարտագլխիկներ։