Փաքիստանը Իրանին տրամադրած է վեց ցամաքային միջանցքներ, որոնք թոյլ պիտի տան կատարել բեռերու տարանցում՝ շրջանցելով Հորմուզի նեղուցը։ Այս մասին յայտնած է Փաքիստանի առեւտուրի նախարարութիւնը, կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս»-ը։
Dawn թերթի տուեալներով՝ Քարաչիի նաւահանգիստին մէջ ներկայիս կուտակուած է Իրան փոխադրուելու համար նախատեսուած աւելի քան 3,000 բեռնարկղ (քոնթէյներ)։ Ատոնց դուրսբերումն արդէն սկսած է։
Միեւնոյն ժամանակ, Փաքիստանի իշխանութիւնները Կուատար նաւահանգիստը, որ կը գտնուի Արաբական ծովու ափին՝ Իրանի սահմանէն 70 քմ հեռաւորութեան վրայ, սահմանած են որպէս իրանական բեռերու փոխաբեռնման ապագայ խոշոր տարանցիկ եւ բեռնափոխադրական կեդրոն։