image

Պէյրութի մէջ. Ոչ եւս է սերունդներու դաստիարակ Օրդ. Լուսին Թապագեանը (Լուսանկար)

   Պէյրութի մէջ. Ոչ եւս է սերունդներու դաստիարակ Օրդ. Լուսին Թապագեանը (Լուսանկար)

Պէյրութահայութեան ոսկեդարու կերտիչներէն, սիրուած ուսուցչուհի՝ Օրդ. Լուսին Թապագեան աւանդած է իր հոգին։

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ համացանցէն։

 Նշենք, որ հանգուցեալը եղած է բարեպաշտ անդամը՝ 

«Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբում»ին, որ այս տխուր առթիւ հրապարակած է կարճ մահագրական մը գրելով՝ 

«Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբում»ը խոր վիշտով կը գուժէ մահը իր սիրելի, բարեպաշտ, երկարամեայ անդամներէն Օրդ. Լուսին Թապագեանի, որ պատահեցաւ իր տան մէջ, Մարտ 22, 2023֊ին ի Խալիլ Պատաուի, Պէյրութ Լիբանան։

Օրդ. Լուսին Թապագեան հանրածանօթ, վաստակաւոր ուսուցչուհի որ սերունդներ դաստիարակած է զոհողութեամբ և ազգասիրութեամբ վկայուած էր Հայկազեան համալսարանէն։ 

Ան նուիրուածութեամբ եւ անվերապահօրէն երկար տարիներ շարունակած է իր անդամակցութիւնը Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումին։ 

Օրդ. Լուսին Թապագեան արժանացած էր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Գիր Օրհնութեան և վերջերս 45 տարուայ յուշանուէրի։ 

Ան մեծ սիրով անդամագրած էր բազմազան բարեկամներ մեր համախմբումին անսահման հաւատք և խորունկ սէր բացայայտելով Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ առաքելութեան եւ անսասանութեան։

Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումը իր խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնէ իր ընտանիքի պարագաներուն։

Յիշատակը անթառամ մնայ.

Խունկ եւ աղօթք իր շիրիմին։