Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը առաջին եւ հիմնաւոր քայլը կատարեց վարժարանի ելեկտրականութեան դրութիւնը ամբողջութեամբ արեւային ուժանիւթով բանեցնելու ծրագիրի գործադրութեան ուղղութեամբ:
Սեպտեմբեր 23-ին, վարժարանին photovoltaic համակարգը, որ անցած ամիսներուն կառուցուեցաւ վարժարանին կից Յովհաննէս Պօղոսեան կեդրոնի տանիքին վրայ, փորձարկուեցաւ յաջողութեամբ: Համակարգը կը բաղկանայ 545wp հզօրութեամբ 170 արեւային վահանակներէ՝ 800 քառ. մեթր մակերեսի վրայ եւ կ՛արտադրէ օրական 93 kw ելեկտրականութիւն:
Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ յայտնեց, որ ծրագիրը կը հետպանդէ գլխաւոր երկու նպատակներ՝ վարժարանի ելեկտրականութեան ծախսերու նուազեցում եւ շրջակայ միջավայրի մաքուր պահպանում՝ ածխածինի (carbon) արտանետումները նուազեցնելու ճամբով: Ան ըսաւ, որ photovoltaic համակարգի հաստատումը կը հանդիսանայ վարժարանի ելեկտրականութեան սնուցումը ամբողջութեամբ արեւային ուժանիւթով փոխարինելու ծրագիրին առաջին եւ ամենակարեւոր մասը. ներկայ դրութեամբ, տարեկան մօտ 35 մեկաուաթ արեւային ուժանիւթի արտադրութեամբ համակարգը կրնայ խնայել մօտ 28 թոն CO2 եւ որոշակիօրէն նուազեցնել ելեկտրականութեան ծախսերը, իսկ ծրագիրի երկրորդ եւ աւարտական մասով, համակարգը պիտի օժտուի լիցքաւորուող բարդերով (lithium batteries), ինչ որ վարժարանի ելեկտրականութեան սնուցումը պիտի դարձնէ էապէս աժան, աւելի ապահով, մեծապէս մաքուր եւ գրեթէ ամբողջութեամբ ինքնավար:
Մեսրոպեան վարժարանի photovoltaic համակարգի կառուցումը իրականացաւ օժանդակութեամբը Electriciens sans frontières կազմակերպութեան, որ կը զօրակցի կանաչ ուժանիւթի արտադրութեան ծրագիրներու, աշխարհի ամբողջ տարածքին: Ծրագիրը աջակցութիւն ստացաւ IECD կազմակերպութեան կողմէ, որ վերջին տարիներուն կը հանդիսանայ Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանի ամենակարեւոր գործընկերը՝ կրթական համակարգի զարգացման եւ ենթակառուցուածքի նորոգութեան ծրագիրներուն մէջ:
Մեսրոպեանի տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց նշեալ կազմակերպութիւններուն վարժարանի առաւել արդիւնաւէտ կառավարման համար էական նշանակութիւն ունեցող այս ծրագիրին օժանդակելուն համար, որ իր բարերար ազդեցութիւնը պիտի ունենայ ինչպէս կրթական ընտանիքին, նոյնպէս եւ շրջակայ միջավայրին վրայ:
Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի