image

Պէյրութի Համրա շրջանին մէջ անձնասպանական գործողութիւն մը խափանուած է՝ գործադրումէն վայրկեաններ առաջ

Պէյրութի Համրա շրջանին մէջ անձնասպանական գործողութիւն մը խափանուած է՝ գործադրումէն վայրկեաններ առաջ

Պէյրութի Ալ-Համրա փողոցին վրայ անձնասպանական ահաբեկչական գործողութիւն մը խափանուած է: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ Լիբանանի անվտանգութեան տեղեկատուական մարմինը:

Փոխանցուած տեղեկութեան համաձայն, լիբանանեան բանակի  հետախուզական մարմիններու եւ  տեղեկատուական բաժնի համագործակցութեամբ, կարելի եղած է ձախողցնել ահաբեկչական գործողութիւնը՝ գործադրումէն վայրկեաններ առաջ:



 

LBCI-ի փոխանցմամբ՝ պայթուցիկ գօտի կրող ահաբեկիչը ձերբակալուած է Համրա փողոցի վրայ գտնուող Costa սրճարանը մուտք գործել փորձած ժամանակ, ուր ինքզինք պիտի պայթեցնէր: Անվտանգութեան ուժերը ահաբեկիչին կը հետեւէին նախքան սրճարան հասնիլը: Կը նշուի, որ անձնասպանը այժմ տեղափոխուած է հիւանդանոց, վիրաւորում ստանալէ ետք:

Նշենք, որ այլ  անձնասպանի մը գոյութեան մասին տեղեկութիւններ տարածուած են, որոնք սակայն աւելի ուշ հերքուած են: