Օրերս, տեղի ունեցած է Քոսթա Մեսայի Ս. Մարիամ Աստուածածին Հայաստանեայց եկեղեցւոյ նոր սրահի պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը՝ հովանաւորութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Լոս Անճելըս հրապարակուող՝ «Ասպարէզ»էն, որ, մասնաւորապէս, գրած է՝
Շաբաթ, 11 Յունուարին, հովանաւորութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի՝ տեղի ունեցաւ Քոսթա Մեսայի Ս. Մարիամ Աստուածածին Հայաստանեայց եկեղեցւոյ նոր սրահի պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը:
Սրահին շինութիւնը համայնքի երկար տարիներու երազն էր, որ իրականացաւ շնորհիւ համայնքի աննկուն հաւատքին եւ միասնականութեան ու Սթամպոլեան ամոլին ազնուասիրտ նուիրատուութեան:
Բացման հանդիսութեան ընթացքին արտասանուած խօսքերուն ընդմէջէն վեր առնուեցան հաւաքական աշխատանքի կարեւորութիւնը, սրահին՝ համայնքի զաւակները համախմբելու հրամայականը, Օրենճ Քաունթիի Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր եւ մշակութային արժէքներու պահպանութեան առաքելութեան ամրապնդումը եւ զայն ներկայ ու ապագայ սերունդներուն համար ընկերային միջավայրի վերածելու անհրաժեշտութիւնը:
Սրբազանը գնահատեց Ծխական խորհուրդի անդամները, ատենապետութեամբ՝ Մարք Ասատրեանի, Շինարարական յանձնախումբը, ատենապետութեամբ՝ Արամ Բասէնեանի, Կառուցման յանձնախումբի ատենապետ Թոնի Մարգարեանը, Նուիրահաւաքի յանձնախումբի ատենապետ Բիւզանդ Զօրայեանը եւ բոլորին հաւաքական ճիգը, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով բարերարներ Ստամպուլեան ամոլին:
Սրբազանը մաղթեց, որ սրահին դռներուն հետ մեր առջեւ բացուին հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ դռները, մեզ առաջնորդելով դէպի փայլուն ապագայ մը:
Աւարտին, առաջնորդը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած՝ խնդրելով, որ եկեղեցւոյ նոր կեդրոնին բացումով, առաւել ուժ եւ կորով պարգեւուի համայնքի բոլոր զաւակներուն: