image

Պէյրութ. Աղէտալի պայթումէն 1.5 տարի անձ նոր զոհեր կը գրանցուին. Մահացած է Ժուլիա Աուտէն

  Պէյրութ. Աղէտալի պայթումէն 1.5   տարի անձ նոր զոհեր կը գրանցուին. Մահացած է Ժուլիա Աուտէն

Պէյրութը ցնցած աղէտալի պայթումէն գրեթէ տարի ու կէս ետք, տակաւին կը շարունակուի հետախուզութիւնը բացայայտելու պայթումին իրական պատճառներն ու պատասխանատուները, սակայն մինչեւ այս  պահը շօշափելի արդիւնքներ  չեն գրանցուած եւ     աղէտալի պայթումին բաց մնացող  թղթածրարը կը շարունակէ  յուզել    բոլոր լիբանանցիները։

Պէյրութի նաւահանգիստի աղէտալի  պայթումէն  մէկ ու կէս տարի ետք, դեռ նոր զոհեր կ'արձանագրուին: Օրերս իր մահկանացուն կնքած է Ժուլիա Աուտէն:

Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ «Պընթ Ժպէյլ» կայքէն:

Նշենք, որ  «Արեւելք» անդրադարձած էր Ժիւլիային մասին, երբ ան Պէյրութի պայթումի հետեւանքով ծանրօրէն վիրաւորուած եւ շուրջ մէկ ամիս մահաքունի մէջ մնալէ ետք վերստին  վերադարձած էր կեանքի։ Սակայն տարի մը տառապանք կրելէ ետք ան առ յաւէտ փակած է իր աչքերը: 

Յիշեցնենք, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը տեղի ունեցաւ 4 Օգոստոս, 2020-ին: Հրդեհի պատճառով պայթած էր պահեստանոցին մէջ երկար ժամանակ պահպանուած 2750 թոն  ամոնիաքի նիթրաթը, պատճառելով աղիտալի հետեւաքներ թէ՛ մարդկային կորուստներու եւ թէ՛ նիւթական վնասներու առումներով: 

Նշուած է, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքով զոհուած էին 214 քաղաքացիներ, որոնց  16-ը հայեր էին։ Վիրաւորուած էին 6500 անձեր, իսկ 300 հազար մարդ ժամանակաւորապէս անտուն մնացած էր պայթումէն անմիջապէս ետք: Տուժած էին հայաբնակ թաղամասեր, վնասուած հայկական կառոյցներ, եկեղեցիներ եւ դպրոցներ:

Ցաւօք Պէյրութի  պայթումի հետեւանքով լիբանանահայ համայնքը կորսնցուց իր զաւակներէն՝ Նազար Նաճարեան, Ճեսիքա Պէզճեան, Շանթ Յակոբեան, Տելիա Փափազեան, Ժագ Պարամաքեան, Անահիտ Պէրպէրեան, Լիզա Գաւուքճեան-Կէօզիւպէօիւքեան, Ալիս Տէկիրմէնճեան, Վարուժան Թոսունեան, Կայա Ֆոտուլեան, Սարգիս Թէքիրեան, քոյր՝ Սոֆի Խոսրովեան,  Արամ Սարգսեան, Կարօ Քէհէեան, Անէթ Խաչիկեան եւ Արտեմ Նանէճեան: 