image

Պետութիւն եւ դիմադրութիւն . Գրեց՝ Յակոբ Լատոյեան

Պետութիւն եւ դիմադրութիւն . Գրեց՝ Յակոբ Լատոյեան

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի սպանութենէն ետք, փաստօրէն, Իսրայէլի ախորժակնները, ոտնձգութիւնները եւ մեծամտութիւնները բաւական բարձրացած են, եւ աշխարհը` Միացեալ Նահանգներէն մինչեւ արաբական երկիրները, լուռ համաձայն են եւ անկարող են անոր դիմաց:

Փաստօրէն նոր Միջին Արեւելքը քարտէս մը ձեւաւորելու սկիզբն է, ի շահ որո՞ւ, այդ մէկը Դիմադրութեան տոկունութիւնն է, որ պիտի հաստատէ:

 

Լիբանանի պետութեան անունով բանակցող կամ, աւելի ճիշդը, բանակցութեան ճիգ թափող վարչապետի պաշտօնակատար Նաժիպ Միքաթի նախորդ շաբաթասկիզբէն ի վեր քանի մը առիթներով յայտարարեց, որ զինադադարին կը յաջորդէ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումի գործադրութիւնը, եւ որ` լիբանանեան բանակը պատրաստ է ստանձնելու իր պարտականութիւնները: Մինչ այդ Հըզպալլայի փոխքարտուղար Նայիմ Քասեմ նոյն ժամանակամիջոցին յայտարարեց, որ Դիմադրութիւնը պիտի շարունակէ իր ընթացքը աւելի ուժգին թափով ու պիտի հակադարձէ ամէն տեսակի ներխուժումներու:

Փաստօրէն պետութիւն եւ Դիմադրութիւն տարբեր բանաձեւերով կ՛աշխատին: Այս մէկը նաեւ լրատուական վերլուծումներու ընթացքին բանավէճեր ստեղծեց, որովհետեւ կարելի չէ երկու տարբեր բաներ ըսել:

Սակայն վերլուծաբաններէն մէկը հետաքրքրական բաղդատական մը ըրաւ` առանց տուեալ երկրին անունը յիշելու (Հայաստանին ակնարկելով). ան նշեց, թէ շրջանին մէջ կայ երկիր մը, որ խաղաղութեան բանակցութիւններու մէջ է, եւ յարձակող կողմը մնայուն կերպով նոր պայմաններ պարտադրելու վիճակի մէջ է: Այսինքն խաղաղութեան բանակցութիւնները` առանց դիմադրութեան ուժին, տկար բանակցութիւններ կ՛ըլլան եւ չեն ունենար դիմացը պահանջներ պարտադրելու զէնքը: Փաստօրէն շեշտեց, որ Դիմադրութեան գոյութիւնն է, որ պիտի ստիպէ թշնամիին կամ յարձակող կողմին, որ խաղաղութեան սեղան նստի, կամ պայմաններու ցանկն ու աւելին ձեռք ձգելու մարմաջը նուազեցնէ:

Փաստօրէն Դիմադրութեան ամրապինդ մնալու գրաւականը մեծ դեր պիտի ունենայ յառաջիկայ շաբաթներու պատերազմական ընթացքին վրայ:

Պետութիւն եւ Դիմադրութիւն տեղ մը անպայման պիտի հանդիպին, եղածը խորքին մէջ դերերու բաշխում է, եւ ոչ` կեցուածքներու հակասութիւն:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի սպանութենէն ետք, փաստօրէն, Իսրայէլի ախորժակնները, ոտնձգութիւնները եւ մեծամտութիւնները բաւական բարձրացած են, եւ աշխարհը` Միացեալ Նահանգներէն մինչեւ արաբական երկիրները, լուռ համաձայն են եւ անկարող են անոր դիմաց:

Փաստօրէն նոր Միջին Արեւելքը քարտէս մը ձեւաւորելու սկիզբն է, ի շահ որո՞ւ, այդ մէկը Դիմադրութեան տոկունութիւնն է, որ պիտի հաստատէ:

 

Յակոբ Լատոյեան

«Ազդակ»