ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի մշտական ներկայացուցչութիւնը յայտարարած է, որ «Համաս»-ի առաջնորդ Եահիա Սինուարի մահուան հանգամանքը պիտի զօրացնէ «դիմադրութեան ոգին»:
«Քանի դեռ կան բռնագրաւում եւ յարձակում, դիմադրութիւնը պիտի շարունակուի»,-ըսուած է ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի ներկայացուցչութեան յայտարարութեան մէջ։
Աւելի վաղ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը հաստատած էր, որ Կազայի հատուածին մէջ հարուածի ժամանակ սպանուած է «Համաս»-ի քաղաքական բիւրոյի ղեկավար Եահիա Սինուարը։ Իսրայէլի իշխանութիւնները մտադիր են շարունակել պայքարը «Համաս» խմբաւորման դէմ եւ ազատ արձակել Կազայի հատուածին մէջ եղող պատանդները, հաղորդած է The Times of Israel-ը։
Սպիտակ տունն ալ յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընը շնորհաւորած է Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն արմատական պաղեստինեան «Համաս» շարժման առաջնորդ Եահիա Սինուարի վերացման կապակցութեամբ, քաղաքական գործիչները քննարկած են Կազայի հատուածի շուրջ բանակցութիւնները վերսկսելու հնարաւորութիւնը։