Կիպրոսի Թեմի Կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Կոմիտաս արք օրերս իր մասնակցութիւնը բերած է Զուիցերիոյ տօնին։
Ասոր մասին «Արեւելք» կարդաց Թեմի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝
Այսօր, 31 Յուլիս 2025, Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ, Տէր Կոմիտաս Արք., Նիկոսիոյ Հոգեւոր Հովիւ Տէր Մոմիկ Քահանայ Հապէշեան եւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Գազանճեան ներկայ գտնուեցան Զուիցերիոյ դեսպանատան կազմակերպած ընդունելութեան, Զուիցերիոյ ազգային տօնին առթիւ, ուր Սրբազան հայրը իր ողջոյնները եւ շնորհաւորութիւնը յայտնեց Զուիցերիոյ դեսպան Քրիստոֆ Պըրկընըրին։