image

Առանձին խմբաւորումներ եւ սպաներ չեն ընդունիր մեր պայմանները եւ կը շարունակեն դիմադրութիւնը. Հաճիեւ

Առանձին խմբաւորումներ եւ սպաներ չեն ընդունիր մեր պայմանները եւ կը շարունակեն դիմադրութիւնը. Հաճիեւ

Ատրպէյճանը համաներում կը նախատեսէ ղարաբաղցի մարտիկներու համար, որոնք վար կը դնեն իրենց զէնքը, Reuters-ին ըսած է Ատրպէյճանի նախագահի խորհրդական Հիքմեթ Հաճիեւը՝ աւելցնելով, որ եղած են զօրամասեր, որոնք յայտարարած են, որ պիտի շարունակեն դիմադրութիւնը:

«Ներկայիս մենք կը տեսնենք առանձին բանակային խումբեր եւ սպաներ, որոնք հրապարակային յայտարարութիւններ ըրած են, որ պիտի չընդունին մեր պայմանները եւ պիտի շարունակեն դիմադրութիւնը: Մենք նաեւ կը տեսնենք, որ որոշ փոքր խումբեր կ'երթան անտառ: Բայց մենք այդ չենք համարեր անվտանգութեան մեծ մարտահրաւէր: Ի հարկէ, այդ որոշակի մարտահրաւէրներ եւ դժուարութիւններ կ'առաջացնէ, բայց ոչ այդքան մեծ մաշտապով»,- ըսած է ան: