image

Տարաբախտ Աբրահամ (Աբօ) Սաղտըճեանի յիշատակին

Տարաբախտ Աբրահամ (Աբօ) Սաղտըճեանի յիշատակին

Պարոյր Յ.  Աղպաշեան կը գրէ՝ 

Երկարամեայ  ընկերութիւն մը, որ սկսած էր շատ վաղուց ու շարունակուած անդադար եւ անընդմէջ, մօտ թէ հեռու ժամանակներէն, երբեք չէր կրնար ըլլալ առժամեայ կամ անցողակի, հարեւանցի թէ մակերեսային, որովհետեւ, հոն տիրող յարաբերութիւնները հիմնուած չէին կրնար ըլլալ ըստ պատահականութեան, այլ՝ գերազանցապէս հոգեկան, հարազատական, անմիջական ու հիմնական անջնջելի կապերու վրայ։

Ճիշդ է, ամէն յարաբերութիւն եւ առընչութիւն նոյն տարողութեամբ, չափազանցութեամբ ու մօտիկութեամբ չընթանար, ոչ ալ կը գտնուի նոյն հորիզոնականին վրայ, բայց կան պարագաներ, կենդանի օրինակներ, եզակի երեւոյթներ, որոնք, իրենց ջերմութեամբ, անկեղծութեամբ, պարկեշտութեամբ եւ ազնուութեամբ, կը նշանաւորուին, կը յատկանշուին ու կը գերադասուին։

Ընթացիկ կեանքը, երբեմն կրնայ խոչընդոտել կամ տարբաղադրել կամ պակսեցնել ոմանց յարաբերութիւններու լարերը, բայց, եթէ ատոնք առողջ են ու ամուր, կարելի չէ զանոնք արմատախլել ու տեղաշարժել այն ոգիներէն ու զգացումներէն, որոնք աճած, զարգացած ու գոյատեւած են բնական եւ արմատական ոլորտներու ընդմէջէն։

***

Այս արագ, բայց անխուսափելի մտորումներուն մէջ ինկայ, երբ մահուան բօթը առի (Ֆրեզնոյէն, ԱՄՆ), ինծի համար հոգեղբայր, քաջեղբայր ու մարդեղբայր, տարիներու անզուգական եւ անգին ընկեր.

ԱԲՐԱՀԱՄ (ԱԲՕ) ՍԱՂՏՃԵԱՆի

որ իր մահկանացուն կնքած էր, 17 Յունիս 2025ին, վերջին տարիներուն տառապելով լուրջ ու ծանր հիւանդութեամբ, առանց կարենալու յաղթահարել կամ շրջանցել զայն։

Ինչպէս ըսի, թէեւ, քիչ թէ շատ, ծանօթ էի թանկագին ընկերոջս տխուր վիճակին, բայց, միամտօրէն կը փորձէի յուսալ (արդեօ՞ք հաւատալ), որ սիրելի Աբոյին դարձեալ կը տեսնեմ, կը լսեմ զինք ու կը զրուցեմ հետը։

Ափսո՜ս, նախախնամութիւնը այդ «բարեբախտ»ութիւնը զլացած էր, զրկած էր, թէ՛ իրեն, թէ՛ իր ընտանեկան պարագաներուն, թէ՛ զիս եւ առ հասարակ բոլոր զինք ճանչցողներուն։

Ազգային-գաղափարական կեանքին մէջ, միշտ գործօն ներկայութիւն մը եղած էր, Լիբանանի թէ Ֆրեզնոյի մէջ, ստանձնելով բազմաթիւ պաշտօններ, իր նիւթական ու բարոյական աջակցութիւններու անսակարկ ծառայութիւններով եւ նուիրաբերումներով, միշտ հաւատացած ըլլալով այդ առաքելութիւններու մէջ մնալ, իբրեւ յառաջադէմ, ծառայող, պատրաստակամ եւ ազնուաբարոյ հայորդի մէջ։

Ամուսնացած էր ու կազմած տոհմիկ ընտանիք մը, իր կեանքի ընկերուհիին՝ Ռոզային հետ ու բախտաւորուած երկու զաւակներով. Յովիկ ու Թալին, որոնց կը սիրէր ու կը պաշտէր անսահմանօրէն, աչքի լոյսի պէս գուրգուրալով անոնց վրայ։

Չարաբաստիկ ճակատագիրը անգութ եղաւ Սաղտճեան զոյգին նկատմամբ, երբ իրենց զաւակներով աշխարհ մը ունէին, սակայն շուրջ 11 տարի առաջ, իր շքեղ բնակարանին առջեւ, ինքնաշարժի արկածի զոհ գնաց իր հոգեհատոր՝ Յովիկը (որուն յիշատակին, նոյն վայրին մէջ, յուշակոթող մը կանգնեցուց), իսկ աւելի ուշ, Աբօն կորսնցուց իր կողակիցը, իսկ այս տխուր ու ցաւալի «բաժանում»ները, իրեն համար եղան ու մնացին «անբուժելի» վէրքեր, երբեք չհամոզուելով անոնց բացակայութեանց։

Որոշ ատեն մը, իր Քեսապ այցելութիւնները (հօրենականօրէն՝ քեսապցի էր), ապա, հայրենիք, միշտ զանոնք պահելով իր կիզակէտին վրայ, երբեմն ալ՝ իր ծննդավայր՝ Լիբանանեան հանդիպումները, փոքր ու մասամբ կազդուրեցին զինք, բայց, բնաւ չկրցան ձերբազատել այն տեսիլքներէն ու մտածումներէն, որ իր զաւակն ու տիկինը միշտ գոյ էին. կը խօսէին հետը, իսկ ինք կ’ապրէր անոնց մէջ գտնելով իր ապրելու իրաւունքը, իր գոյութեան գրաւականը, բայց, մարմնական անողոքութիւնը չխնայեց զինք ու գնաց միանալու իր սիրեցեալներուն։ 

***

Աբօն եւ ես, տարեկից էինք։

Այն Մըրէյսէի բնակիչ եւ ապրած՝ նոյն թաղամասի հարեւանութեամբ, մանաւանդ երբ շրջանը կը վխտար հայութեամբ, մեծ մասամբ, բաղկացած Մուսա լեռցիներէ ու քեսապցիներէ, որոնք բոլորն ալ զիրար կը ճանչնային, կը յարաբերէին ու կþայցելէին, մեծ ընտանիքի մը հոգեկցութեամբ։

Թաղային-տեղայնական ու միջավայրային բնակելիութիւնը, աւելի թափ ստացան եւ անքակտելի մտերմութեան վերածուեցան, երբ, միասնաբար սկսանք յաճախել Հայ Աւետարանական Գոլէճ, որ թէեւ քալելով յոգնեցուցիչ էր (զառիվեր ըլլալուն), բայց հաճելի էր, իր զանազան երեսներով ու դրուագներով, կողմերով ու զրոյցներով։

Այսպէս շարունակեցինք մեր դպրոցական ուսումնառութիւնը, միչեւ որ աւարտական եղանք, 1964ին, սակայն, այդ ընթացքին մեր ընկերային կապերը, դպրոցէն ներս ու դուրս, մնացին ցուցանշային ու կենսունակ պատկերներ, որովհետեւ, մեր տուներէն ու դպրոցէն աւելի, միշտ միասին էինք (գիւղ, շարժապատկեր, ծովափ, տարեդարձ, եւայլն), թէ՛ արտաքին երիտասարդական պահերով, թէ՛ ներքին ընտանեկան հաւաքներով, ուր՝ Աբօն, Քերոբը, Սարգիսը (†), Պարոյրը, Աւետիսը, Արմէնը, Ռաֆֆին եւ քանի մը այլ համակերպելի դասընկերներ, միշտ միասին էին, համերաշխ, հասկացողական եւ անբասիր զգացումներով ու բուխ տրամադրութիւններով։

***

Իմ Հայաստան մեկնիլս, համալսարանական ուսումս հոն շարունակելու, յուզիչ էր, սրտառուչ ու հոգեշարժ, բայց, ետդարձ չկար, մեր նամակագրութիւններն ու հաղորդակցութիւնները շարունակուեցան նոյն ջերմութեամբ, մինչեւ որ իմացայ թէ Աբօն ալ, Ամերիկա մեկնած է, ուսումը շարունակելու, ապա, հոն… հաստատուելու, Ֆրեզնոյի մէջ, իր սիրած, որթատունկային ցանքերով զբաղելու, մեծ յաջողութիւններու հասնելով։

Մեր կապերը ոչ միայն շարունակուեցան, այլեւ՝ հիմնաւորուեցան, երբ՝ 1988ին, 1991ին, 1996ին, 2011ին, պաշտօնական եւ այլ առիթներով, Ամերիկա այցելեցի, ընդ որուն, մէկէ աւելի անգամներ Աբոյին բնակարանը հիւրընկալուելով ու վայելելով իր եւ իր ընտանիքին ազնիւ ու հոգատար հիւրասիրութիւնը, վերյիշելով մեր կեանքի ճանապարհներու «ոսկեայ շղթա»ներու յուշերը։

Նոյն ապրումները ունեցանք նաեւ, երբ Աբօն, քանի մը անգամ այցելեց Լիբանան, ուր անցուցինք դարձեալ հոգեցունց յիշատակներ, իրենց հարուստ, անջնջելի եւ երազային տպաւորութիւններով։

Այսօր, երբ Աբօն չկայ, «անհաւատալի, բայց իրաւ» հասկացողութեամբ, բնական է, տեղ մը խորապէս կը տխրինք, տեղ մըն ալ՝ մեծապէս կ’ոգեւորուինք, որ Աբոյին նման մաքրամաքուր, անարատ եւ անբիծ նկարագիրով անձի մը հետ, ապրած ու վայելած ենք անմոռանալի ու յիշարժան ժամանակներ, պայծառ ու լուսաւոր շողերով։

***

Շատ պիտի ուզէի այս տողերը երկարէին կամ գրուէին, աւելի պայծառակերտ ու շնորհաշատ առիթով մը, որ վայել էր մեր սիրելի Աբոյին եւ իր բերած ընկերային վաստակին եւ ազգային ներդրումներուն, անշուշտ, ատոնք շատ դիւրին ու հաճելի պիտի ըլլային, քանի «ծով» յուշեր ունիմ, բայց, չի խանգարեր, որ անոնք մնան ու ճանչցուին այն հարազատութեան ու մտերմութեան օղակներուն մէջ, որոնց լիովին արժանի էր։

Յիշեցնեմ նաեւ, որ մենք ընտանեկան յարաբերութիւններ ալ ունէինք, ծնողքին՝ ողբացեալներ Յովհաննէսին եւ Սառային, երէց եղբօր՝ ողբ. Վարուժին, նաեւ նոյնքան սիրելի եղբօր՝ Կարպիսին ու քրոջ՝ Սարգիսին ու Մարալին, որոնց բոլորին կը յայտնեմ իմ խորազգաց ցաւակցութիւններս։

 

Յիշատակդ վառ եւ անշէջ, անգին ընկերս։

(Պէյրութ)