image

Պէտք է դատական գործընթաց սկսիլ. Բագրատ սրբազանը Կիրանցի մէջ է

Պէտք է դատական գործընթաց սկսիլ. Բագրատ սրբազանը Կիրանցի մէջ է

«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման առաջնորդ Բագրատ սրբազան գացած է Կիրանց, ուր հանդիպած է գիւղացիներու հետ։

Նշենք, որ սրբազանը յունիս 20-ին յայտարարած է, որ պիտի մեկնի Տաւուշ` տեսնելու սահմանազատման հետեւանքով տեղադրուած ցանկապատերը, որոնց մասին աւելի վաղ յայտնած էր ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

«Պետական ամբողջ սահմանը քանդուած է, շատերի սեփականութեան իրաւունքն էլ` խախտուած։ Բացի այդ, այստեղ մարդիկ կան, որոնց սեփականութեան վկայականները տրուել են 2018 թուականից յետոյ։ Այս դէպքում չեն կարող ասել, որ նախկիններն են տուել, մարդիկ էլ կան, որոնց տները 1960-ականներից պապերից եւ հայրերից են փոխանցուել, բայց հիմա քանդում են»,– նշած է սրբազանը։

Կիրանցեցի 92-ամեայ Լենա տատիկը դժգոհած է, որ գիւղն անտէր մնացած է, կ՚ապրին, բայց նորմալ չէ այն, ինչ կը կատարուի իրենց շուրջը։

Մէկ այլ գիւղացի ալ յայտնած է, որ Մհեր Սիմոնեան անունով բնակիչի տունը քանդած են, այժմ ալ անոր կ՚ուզեն տեղափոխել Կիրանց գիւղի միւս ծայրը. սարքը արդէն կանգնած է։

Նշենք, որ աւելի վաղ յայտարարուած էր, որ Ատրպէյճանի հսկողութեան տակ անցնող տուներէն մարդոց դուրս չգալու պարագային յատուկ սարքերով կամ ուժով պիտի հանեն։ Խօսքը, մասնաւորապէս, Խանում Թամրազեանի եւ անոր ընտանիքի մասին էր, որ յստակ նշած էր` դուրս պիտի չգայ իր տունէն ինչ որ ալ ըլլայ։

«Ոչ մի ուժ էլ չեն կիրառել, բռնութիւն չի եղել։ Փոխհատուցում են առաջարկել, իրենք էլ թողել, դուրս են եկել։ Չգիտեմ`որքան գումար են առաջարկել»,–ըսած է կիրանցեցին։

Սրբազանն այս հարցի վերաբերեալ նշած է` մէկ կողմէն մարդոց կը սպառնան, որ այսինչ բանը չընելու պարագային պիտի վռնտեն, միւս կողմէն ալ մարդոց անորոշութեան մատնած են` գիւղը 2 մասի բաժնած են` մէկ հատուածին դարձնելով «ոչ հայրենասէր», միւս հատուածին` «հայրենասէր»։ Ան այս իրավիճակն անուանած է աղէտ։

Շարժման առաջնորդը շեշտած է`Կիրանցի մէջ տնաւեր ըրած են ժողովրդը, նոյնն ալ լպիտի ըլլայ ամբողջ Հայաստանի մէջ, եթէ չկանգնեցնեն ՀՀ իշխանութիւնները։