Պելճիքայի ներկայացուցիչներու պալատը 130 կողմ եւ 12 ձեռնպահ ձայներով ընդունեց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան եւ ատոր հետեւանքներու վերաբերեալ բանաձեւ: «Արմէնբրես»-ին այս մասին յայտնած են Պելճիքայի հայերու կոմիտէէն:
Ի թիւս այլ դրոյթներու, Խորհրդարանը, մասնաւորապէս, կը դատապարտէ այն վնասակար դերը, որ խաղցած է Թուրքիան այս պատերազմին եւ կը պահանջէ անորմէ «դադրեցնել ռազմական միջամտութիւնը այս հակամարտութեան» եւ զերծ մնալ «տարածաշրջանին մէջ ապակայունացնող դերակատարումէ»:
Պելճիքայի հայերու կոմիտէն կոչ կ'ընէ կառավարութեան առանց յապաղելու գործելու խորհրդարանի առաջարկութիւններու համաձայն: Ան մասնաւորապէս ընդգծած է մարդասիրական օգնութեան հրատապութիւնը եւ պելճիքական ներկայութիւնը տարածաշրջանին մէջ: