Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը խստօրէն կը դատապարտէ 4 դեկտեմբերին մտացածին ու անհիմն մեղադրանքներով Մայր Աթոռի դիւանապետ Գերաշնորհ Տ․ Արշակ արք. Խաչատրեանի ձերբակալումը եւ անոր նկատմամբ դատարանի կողմէն կիրառուած կալանաւորումը։ Այս մասին նշուած է Մայր Աթոռի տարածած յայտարարութեան մէջ:
«Սոյն գործողութիւնն արտայայտութիւնն է Եկեղեցու նկատմամբ վերջին շրջանում սանձազերծուած բռնաճնշումների եւ շարունակութիւնը հոգեւորականների նկատմամբ քաղաքական հետապնդման գործընթացի: Բարձրաստիճան հոգեւորականներին շինծու մեղադրանքներով կալանաւորելը իշխանութեան եկեղեցահալած քաղաքականութեան եւ եկեղեցականների դէմ ատելութեան խօսքի հերթական դրսեւորումն է։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը պահանջում է անյապաղ դադարեցնել Տ․ Արշակ արքեպիսկոպոս Խաչատրեանի եւ ազատազրկուած մնացեալ եկեղեցականների ապօրինի հետապնդումները եւ վերականգնել նրանց խախտուած իրաւունքները»,- նշուած է յայտարութեան մէջ: