image

Պայտըն՝ վիրահատուած

Պայտըն՝ վիրահատուած

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն բարեյաջող վիրահատութեան ենթարկուած է, հեռացուած է մաշկի չարորակ գոյացութիւնը։ Այս մասին յայտնած է Reuters։

Միացեալ Նահանգներու նախագահը բուժող բժիշկը յայտնած է, որ փետրուարին եղած կենսահերձումի (biopsy) ախտաբանական քննութիւնը հաստատած է անոր մօտ յատակային բջջային քաղցկեղի առկայութիւն։ 

Պայտըն առաջիկային պիտի շարունակէ մնալ մաշկաբանի վերահսկողութեան տակ։