ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընը յոյս յայտնած է, որ ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպումը կայանայ յունիսին՝ Եւրոպա կատարելիք շրջագայութեան ընթացքին:
Ինչպէս կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոստի»-ն, այս մասին ամերիկացի նախագահը յայտնած է Սպիտակ տան լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ՝ պատասխանելով անոնցմէ մէկու հարցին, թէ արդեօք հնարաւո՞ր է, որ Փութինի հետ հանդիպումը տեղի ունենայ յունիսին:
«Այո՛, յոյսով եմ եւ կ'ակնկալեմ, որ այդպէս ալ կ'ըլլայ»,- ըսած է Պայտընը:
Յիշեցնենք, որ անցեալ ամսուան կէսերուն Պայտընը հեռախօսազրոյց ունեցած է ռուս պաշտօնակիցի հետ՝ առաջարկելով հանդիպիլ երրորդ երկրի մէջ եւ քննարկել երկկողմ յարաբերութիւններուն առնչուող հարցերը: