Ուքրանիոյ հեռահար հրթիռներու տրամադրման հարցին անդրադարձած են Սպիտակ տունէն:
Ասպենի անվտանգութեան ֆորումին Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվըն յայտարարած է, որ ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն այդ խնդրի վերաբերեալ դեռ վերջնական որոշում չէ կայացուցած:
Այնուամենայնիւ, Սալիվըն նշած է, որ թեմայի շուրջ Ճօ Պայտընի եւ Վոլոտիմիր Զելենսքիի շփումներն ու քննարկումները կը շարունակուին:
Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդականը, պատասխանելով F16 կործանիչներու համար ուքրանացի օդաչուներու պատրաստման ժամանակացոյցի վերաբերեալ հարցին, յայտարարած է՝ փորձերը պիտի սկսին քանի մը շաբաթէն: