Միացեալ Նահանգներու նախագահ՝ Ճօ Պայտըն յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ կանգնած են իրենց ժողովրդավարութեան դէմ սպառնալիքի առջեւ, որուն պատճառը նախկին նախագահ՝ Տանըլտ Թրամփի` Հանրապետական կուսակցութեան մէջ ունեցած համախոհներն են: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` յղում կատարելով Միացեալ Նահանգներու նախագահի արտասանած խօսքին, որուն մէկ հատուածը հրապարակած է Սպիտակ տան մամլոյ ծառայութիւնը:
«ՄԱԿԱ-ի (Թրամփի եւ անոր համակիրներու հիմնական կարգախօս «Մէյք Ամերիքա կրէյթ ըկէյն»`«Ամերիկան կրկին հզօր դարձնենք») ուժերը հաւատարիմ են մեր երկիրը կրկին վերադարձնելուն այն Ամերիկային, ուր չկայ ընտրութեան իրաւունք, չկայ տեղ գաղտնիութեան, չկայ տեղ հակաբեղմնաւորիչներուն եւ սիրելի մարդու հետ ամուսնանալու իրաւունքին», յայտարարած է Պայտըն:
Անոր կարծիքով` տուեալ պայմաններուն մէջ պէտք է ամերիկեան ժողովրդավարութիւնը պաշտպանել այն սպառնալիքներէն, որոնց կը բախի ազգը:
Ան նաեւ ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգներու ժողովրդավարութիւնը բնաւ երաշխաւորուած չէ, թէեւ ամերիկացիները տարիներ շարունակ իրենք զիրենք ատով կը համոզեն:
Լուրը՝ «Ազդակ»էն