image

Պայթում Քոպանիի Քիւրտ Զինեալներու Մէկ Կէտին ՄՕՏ

Պայթում Քոպանիի Քիւրտ Զինեալներու  Մէկ Կէտին ՄՕՏ

Սուրիա- Քոպանի- Ըստ ընդդիմադիր լրատուամիջոցներու, Սուրիական  Քոպանի քաղաքին մէջ ժամեր առաջ զօրաւոր պայթումի ձայներ լսուած են: Ըստ տեղեկութիւններուն պայթումի ձայնը յառաջացած է ականուած ինքնաշարժի մը պայթումէն: Պայթումին թիրախը եղած է «Քրտական ժողովրդային պաշտպանութեան» ջոկատներուն պատկանող կէտ մը: Ըստ նախնական տուեալներուն կան երկու զոհեր: