image

Հալէպահայ Բժիշկը Կը Պատմէ Քոպանիի (Արաբունար) Վերջին Զարգացումներուն Մասին (Լուսանկարներ)

Հալէպահայ Բժիշկը Կը Պատմէ  Քոպանիի  (Արաբունար) Վերջին  Զարգացումներուն Մասին (Լուսանկարներ)

«Ներկայիս Քոպանիի (Արաբունար) արեւելեան շրջանին  40 առ հարիւրը աւերակ դարձած է,- «Արեւելք»ին յայտնեց հալէպահայ   բժիշկ Աբիկ Գարակիւլէեանը: Գարակիւլէեան, որ  33 տարիէ  ի վեր եւ  մինչեւ օրս  Քոպաննի մէջ որպէս բժիշկ  կը ծառայէ ըսաւ, որ «Գետնի վրայ վիճակը  վրայ լաւ է,  այնտեղ իշխող եւ ամէն ինչ տնօրինող ուժը  Սորիոյ բանակին կողքին քրտական (YPK)-ն է: Հիմա շրջանը  ամբողջութեամբ ազատագրուած է ահաբեկիչներէն  եւ «Տահէշ» խմբաւորումը կը գտնուի  Քոպանիէն 50-60 քմ հեռաւորութեան վրայ»: Գարակիւլէեան  նաեւ ըսաւ, որ  «Թուրքիոյ հետ սահմանը՝ Քոպանիէն մինչեւ Գամիշլի,  ամբողջութեամբ  քիւրտերու հսկողութեան տակ է»: Խօսելով Քոպանի  հասնելու  ճանապարհներուն  մասին, Գարակիւլէեան նշեց, որ նախքան  շրջանի Տահէշէն ազատագրումը ճանապարհ չկար, հետեւաբար ինք բոլորին  նման Թուրքիա երթալով կը հասնէին մինչեւ սահմանի վրայ գտնուող «Սուրուճի դուռը», ուրկէ կարելի էր առանց փաստաթուղթի (անցագրի մէջ հաստատուելու) մտնել Քոպանի: Ան նաեւ ըսաւ,   որ  ներկայիս, երբ Քոպանիէն   մինչեւ Գամիշլի ճանապարհը ազատագրուած է,  ներառելով նաեւ Թէլ Ապիատն ու Րաս Ալ-այնը, որ Լիբանանէն  դէպի Գամշիլի օդանաւով  հասնելէ ետք, կարելի է ցամաքային ճանապարհով  հասնիլ  Քոպանի:


 

Երեք Հայ  Բժիշկներու Կողմէ Հիմնուած  Քոպանիի Հիւանդանոցը Ներկայիս Կը  Գտնուի Աւերակուած  Վիճակի Մը Մէջ:

 


Խօսելով շրջանին  մէջ իր տարած գործունէութեան մասին` Գարակիւլէեան յայտնեց, որ ինք, նախքան պատերազմը,  Քոպանիի մէջ երկու ընկերներու հետ միասին ունեցած են սեփական հիւանդանոց մը, որը «Տահէշ»ի ներխուժումէն ետք եւ անոնց վրայ եղած օդային յարձակման հետեւանքով քանդուած եւ գետնին հաւասար դարձած է: Ներկայիս ան իր դարմանատան մէջ ծառայութիւն կը մատուցէ,  եւ այնտեղ միայն քլինիքային հիւանդներ կ'ընդունի:



 

 

Անդրադառնալով Քոպանիի մէջ հայերու գոյութեան մասին, ան  յայտնեց, որ այնտեղ իրմէ  զատ  ուրիշ, Լաթաքիոյ շրջանէն եկած Յակոբ անունով հայ բժիշկ մըն ալ կը գործէ:  Ըստ Գարակիւլէեանի,  բնակչութեան մէջ հայ ընտանիքներ չեն մնացած, մինչ նախքան դէպքերը 15-20 հայ  ընտանիք ունեցած է Քոպանին, որոնք «Տահէշ»ի Արաբունար մուտք գործելէն ետք, դուրս եկած եւ այլեւս չեն վերադարձած, «անոնց մէկ մասը Երեւան անցաւ, իսկ մէկ մասն ալ՝ Ֆրանսա»,- հաստատեց մեր խօսակիցը: Ան  նշեց նաեւ, որ Քոպանիի  մէջ   շուրջ 35 տարիներ առաջ գործունէութենէ դադրած  են  բոլոր տեսակի հայկական կառոյցները, եւ առաջնորդարանի կողմէ փակուած եւ վաճառուած էր այնտեղ գործող վարժարանն ու  հայկական եկեղեցւոյ տարածքը: Ան հաղորդեց նաեւ, որ ներկայիս քիւրտերը  փափաք յայտնած են,  որ դարձեալ հայ համայնք մը գոյանայ Քոպանիի  մէջ, որպէսզի հայեր  հոն  գան  ու հաստատուին  այնտեղ`   միշտ ցոյց տալով, որ իրենք հայերուն պաշտպան են:

Խօսելով շրջանի մէջ «Տահէշ»ի կատարած վայրագութիւններուն մասին, Գարակիւլէեան նշեց, որ Յունիս 2015-ին   ահաբեկիչ զինեալներ 200 հոգիով յարձակում  գործած  են Քոպանիի  վրայ եւ  կաթուածահար ըրած էին քաղաքը, սակայն, քրտական YPK-ն կրցած էր բոլորին ետ մղել: «Ես այդ սպաննուած զինեալներուն բոլոր նկարները տեսած եմ,  խումբով մը գացինք եւ տեսանք, անոնց մէկ մասը չինացի էր, միւս  մասը Ազրպէյճանէն եկած ազերիներ էին, որոնք Թուրքիոյ  ճանապարհով   «Տահէշ»ի միանալով  կը կռուէին  շրջանին  մէջ»:

Բժիշկին  հաղորդմամբ, առայժմ վտանգ չի սպառնար Քոպանիին, որովհետեւ «Տահէշ»ը նահանջի մէջ է, քաղաքին չորս կողմը երեք մեթր խորութեամբ փոս փորուած է, կանխարգիլելու համար «Տահէշ»ի ապագայ յարձակումները, ինչպէս նաեւ մուտքի ստուգողական կեդրոններ  կան, որոնք կը հսկեն Քոպանի  մուտք գործող ինքնաշարժները»:

Ան  նշեց, որ այժմ քիւրտ կուսակցութիւնները դուրսէն ստացած օժանդակութիւններով Քոպանիէն Հալէպ տանող ճանապարհի սկիզբը գտնուող ազատ հողատարածքներու վրայ գերմանական ընկերութեան մը միջոցաւ  շէnքեր կառուցելու աշխատանք կը տանին, որ պիտի բնակեցուին  իրենց տուները կորսնցուցած եւ անտուն մնացած  բնակչութեամբ, « մեծ թափով աշխատանք կայ, մօտ մէկ ու կէս տարիէն պատրաստ կ'ըլլան այդ շէնքերը»  հաստատեց բժիշկը:

Գարակիւլէեան  նշեց, որ «այս առումով քիւրտերը շատ բարձր տրամադրութիւն ունին եւ  ոչ բացայայտ   կերպով  կ'ուզեն «կարմիր գիծերը»  անցնելով ինքնաղեկավարում հաստատել եւ իրենց ներքին հարցերու կառավարումը ստանձնել»  յաւելելով,  որ «քիւրտերը վճռած են ամէն  գնով պահպանել Քոպանին եւ այդ մէկը  կ'ընեն  շատ մեծ զոհաբերութիւններով, ամէն օր ճակատներուն վրայ քիւրտ  զինեալներ  կը մահանան,  որոնց դիակները կը բերուին  եւ որպէս հերոս հողին կը յանձնուին»  եզրակացուց  Գարակիւլէեան: