image

Պայթում Արագածոտնի Հնաբերդ շրջանին մէջ. Կան տուժածներ

Պայթում Արագածոտնի Հնաբերդ  շրջանին մէջ. Կան տուժածներ

18 Փետրուարին, արտակարգ դէպք տեղի ունեցած է Արագածոտնի մարզին մէջ, այս մասին կը տեղեկացնէ  SHAMSHYAN.com:

Ժամը 16։40-ի սահմաններուն «Ծաղկահովիտ» բժշկական կեդրոնէն ոստիկանութեան Արագածի բաժին ահազանգ ստացուած է, որ շտապօգնութեան հերթապահ խումբը Հնաբերդ գիւղէն 6 քաղաքացի տարբեր աստիճանի այրուածքներով տեղափոխած է «Ապարան» բժշկական կեդրոն։

Ոստիկանները պարզած են, որ նոյն օրը, ժամը 15։30-ի սահմաններուն Հնաբերդ գիւղի 43 փողոցի 24 տան բնակիչ՝ 61-ամեայ Արմենակ Եգոռեան պենզինի փլասթիքէ կիսադատարկ շիշը այրելու նպատակով նետած է տան վառարանին մէջ, որու հետեւանքով վառարանի խցիկը պայթած է եւ վնասուած է տան գոյքը, իսկ բռնկուած հրդեհէն Ա. Եգոռեան, անոր կինը, փեսան, դուստրը, եւ թոռները՝ 6-ամեայ Մանէն, 7-ամեայ Սեւակը եւ 7-ամեայ Կամօն «դէմքի եւ վերին վերջոյթներու 2-րդ եւ 3-րդ աստիճանի այրուածքներ ստացած են:

Փաստի առթիւ ոստիկանութեան Արագածի բաժնի հետաքննական բաժանմունքի մէջ նիւթեր կը նախապատրաստուին, նշանակուած են դատաբժշկական փորձաքննութիւններ։