Իր պաշտօնը նորերս ստանձնած Հայ Կաթողիկէ նորընտիր Հոգեւոր Տէր Ամեն. Գեր. Տ Ռաֆայէլ Պատրիարք Մինասեանը պատուիրակութեան մը գլխուն այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշէլ Աունին։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ համացանցէն։
Նշենք, որ դէպի Պաապտայի նախագահական պալատ կատարուած այս այցը առաջինն է Ամեն. Գեր. Տ. Ռաֆայէլ արք.ի Պատրիարքական աթոռը ստանձնելէ ետք։
Պատրիարքին ընկերակցած են Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ համայնքը ներկայացնող խումբ մը կրօնական եւ աշխարհական գործիչներ։
Փրոթոքոլային բնոյթ ունեցող այցելութեան ընթացքին Պատրիարք հայրը շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Աունին վերջինիս կողմէ իր գահակալութեան ընթացքին բարձր մակարդակի ներկայացուցիչ ուղարկելուն համար, ինչպէս նաեւ եղած է խօսակցութիւն Լիբանանի մէջ տիրող բաւականին դժուարին իրավիճակներուն մասին։