Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը, ինչպէս նաեւ ամերիկացի այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ բոլոր մակարդակներով կը շարունակեն աշխատանքը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ՝ շարունակելով առաջարկել ամերիկեան կողմի աջակցութիւնը՝ յանուն երկարաժամկէտ ու համապարփակ խաղաղութեան: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ, այս մասին ճեպազրոյցի ժամանակ յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի բանբեր Նետ Փրայս:
Լրագրողը անոր յիշեցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընն օրերս հեռախօսազրոյցներ ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ՝ վերահաստատելով կողմերու միջեւ առկայ գործընթացին աջակցելու պատրաստակամութիւնը: Ան հետաքրքրուած է, թէ արդեօք այդ կը նշանակէ, որ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ եղած նախկին նման առաջարկները մերժուած էին, որուն ի պատասխան Փրայսը պատասխանած է. «Ոչ, այդպէս չէ: Այդ կը նշանակէ, որ մենք կրցած ենք հասնիլ որոշակի առաջընթացի, եւ մեր հայ եւ ատրպէյճանցի գործընկերներու հետ շարունակական շփումներու ու դիւանագիտական բանակցութիւններու միջոցով, կը կարծենք, որ կրնանք շարունակել այս ընթացքը: Միանշանակ, Արտաքին գործոց նախարարը տարբեր հեռախօսազրոյցներ ունեցած է Հայաստանի ու Ատրպէյճանի ղեկավարութիւններու հետ, սակայն այս կառոյցին մէջ կան մեծ թուով մարդիկ՝ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, որոնք իրենց գործընկերներու հետ տարբեր մակարդակներով շփումներու մէջ եղած են՝ շարունակելով գործընթացն ու վերահաստատելով մեր օգնութեան առաջարկը, քանի որ մենք կը ձգտինք երկարաժամկէտ, համապարփակ խաղաղութեան»: