Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ ներկայիս Ռուսիոյ դէմ նոր պատժամիջոցներ սահմանելու հարցը քննարկելու անհրաժեշտութիւն չի տեսներ, որովհետեւ Ալասքայի մէջ իր ռուս պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինի հետ ունեցած հանդիպումը շատ լաւ անցած է։
«Այսօր պատահածը նկատի ունենալով, կը կարծեմ, որ հիմա այդ մասին մտածելու կարիք չունիմ»,– ըսած է ան Օգոստոս 15-ին Fox News հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցի ընթացքին՝ պատասխանելով Ռուսիոյ համար հնարաւոր հետեւանքներու մասին հարցին։
«Գիտէք, կը կարծեմ, որ հանդիպումը շատ լաւ անցաւ»,– աւելցուցած է Սպիտակ տան ղեկավարը։
Միեւնոյն ժամանակ ան չէ բացառած, որ ապագային պատժամիջոցներու հարցը կրնայ վերադառնալ օրակարգ։ «Հնարաւոր է, որ ես ստիպուած ըլլամ այդ մասին մտածել մօտաւորապէս երկու-երեք շաբաթ ետք, բայց այս պահուն մենք այդ մասին մտածելու կարիք չունինք»,– նշած է Թրամփը։