image

Պատերազմին վիրաւորուած հայ զինուորները Եաֆայի մէջ

Պատերազմին վիրաւորուած  հայ զինուորները Եաֆայի մէջ

3 Յունիսի երեկոյեան,  Թել Աւիւ – Եաֆայի Սուրբ Նիկողայոս վանքին մէջ երկրի կեդրոնի հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներն ու համայնքի անդամները երկրի կեդրոնական շրջաններու հոգեւոր հովիւ՝ հայր Գէորգ աբեղայ  Հայրապետեանի գլխաւորութեամբ  հիւրընկալեցին 44-օրեայ պատերազմի վիրաւոր զինուորները եւ անոնց ուղեկցող պաշտօնատար անձերը, որոնց մէջն էին նաեւ Իսրայէլի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Արման Յակոբեան ու հիւպատոս՝ Նարեկ Ղազարեան:

Երկրի կեդրոնական շրջաններու հոգեւոր հովիւ՝ հայր Գէորգ աբեղայ  Հայրապետեան բացման խօսքով հանդէս եկաւ ու մասնաւորաբար շեշտեց հայ զինուորներու ուխտագնացութեան կարեւորութիւնը, նաեւ փաստեց, որ անոնք մենակ չեն, եւ համայնքը իրենց կողքին է ու եղած հնարաւորութիւններու սահմաններով պատրաստ է միշտ օգտակար ըլլալ:

Փեթախ Թիքվայի  հայկական համայնքի ու «Նաիրի»  եւ «Նոյան տապան» հայկական կազմակերպութիւններու անունով ելոյթ ունեցաւ «Նաիրի» միութեան նախագահն ու համայնքի անունով նուէրներ փոխանցեց հայ հերոսներուն:

«Իսրայէլի հայկական համայնքներու միութիւն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ՝ Քրիսթինէ Մովսէսեանն ալ խօսեցաւ իրենց ծրագիրներու մասին ու նաեւ նուէրներ փոխանցեց անոնց:

Հանդիպումը անցաւ շատ ջերմ մթնոլորտի մէջ ու Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանի եւ Հայաստանի կառավարութեան համատեղ ծրագրի ծիրէն ներս հայ վիրաւոր զինուորներու ուխտագնացութիւնները դէպի Սուրբ երկիր պիտի կրեն շարունակական բնոյթ:

 

Լուրը՝ Արտիոմ Չերնոմորեանի: 

«Իսրայէլ-հայեր» կայքէն: