3 Յունիսի երեկոյեան, Թել Աւիւ – Եաֆայի Սուրբ Նիկողայոս վանքին մէջ երկրի կեդրոնի հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներն ու համայնքի անդամները երկրի կեդրոնական շրջաններու հոգեւոր հովիւ՝ հայր Գէորգ աբեղայ Հայրապետեանի գլխաւորութեամբ հիւրընկալեցին 44-օրեայ պատերազմի վիրաւոր զինուորները եւ անոնց ուղեկցող պաշտօնատար անձերը, որոնց մէջն էին նաեւ Իսրայէլի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Արման Յակոբեան ու հիւպատոս՝ Նարեկ Ղազարեան:
Երկրի կեդրոնական շրջաններու հոգեւոր հովիւ՝ հայր Գէորգ աբեղայ Հայրապետեան բացման խօսքով հանդէս եկաւ ու մասնաւորաբար շեշտեց հայ զինուորներու ուխտագնացութեան կարեւորութիւնը, նաեւ փաստեց, որ անոնք մենակ չեն, եւ համայնքը իրենց կողքին է ու եղած հնարաւորութիւններու սահմաններով պատրաստ է միշտ օգտակար ըլլալ:
Փեթախ Թիքվայի հայկական համայնքի ու «Նաիրի» եւ «Նոյան տապան» հայկական կազմակերպութիւններու անունով ելոյթ ունեցաւ «Նաիրի» միութեան նախագահն ու համայնքի անունով նուէրներ փոխանցեց հայ հերոսներուն:
«Իսրայէլի հայկական համայնքներու միութիւն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ՝ Քրիսթինէ Մովսէսեանն ալ խօսեցաւ իրենց ծրագիրներու մասին ու նաեւ նուէրներ փոխանցեց անոնց:
Հանդիպումը անցաւ շատ ջերմ մթնոլորտի մէջ ու Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանի եւ Հայաստանի կառավարութեան համատեղ ծրագրի ծիրէն ներս հայ վիրաւոր զինուորներու ուխտագնացութիւնները դէպի Սուրբ երկիր պիտի կրեն շարունակական բնոյթ:
Լուրը՝ Արտիոմ Չերնոմորեանի:
«Իսրայէլ-հայեր» կայքէն: