Յաղթանակ մը, որ չակերտեալ է
Այսօր (չորեքշաբթի օր) կը թեւակոխենք Ռուսիոյ կողմէ Ուքրանիոյ այսօրուան իշխանութիւններուն դէմ շղթայազերծած զինուորական գործողութեան 7-րդ օրը։ Ինչպէս անցնող օրերուն այսօր ալ պիտի կիսեմ կարգ մը տուեալներ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընթերցողներուս հետ, հաւաստիացնելով անշուշտ, որ այս շարքին հիմնական ելակէտը այս կամ այն կողմին թմբուկը «չալել»ը չէ, այն փորձել ներկայացնել ուշագրաւ տուեալները, բայց մանաւանդ անկիւն մը առնել ու դեր վերցնել իբրեւ դիտող։
Դիտող, որ անկախ իր նախասիրութիւններէն պիտի ըլլայ անկեղծ եւ առիթ տայ ընթերցողին, որ ինք եւս մտորէ, կշռէ, կշռադատէ ու յանգի եզրակացութիւններու։
Ամէն պարագայի նախքան նիւթին մէջ մտնելու, հարկ է հաշուի առնել, որ այս նիւթէն անդին այս պատերազմին ընդհանուր տրամաբանութիւնը կը կանգնի մէկ հանուցալուծային կէտի մը առջեւ, որ մայրաքաղաք Քիէւի ճակատագիրն է։
Ու հարցումը պիտի շարունակէ մնալ իտէալական, որ արդեօք, երբ այս տողերը ընթերցողին հասնին Ուքրանիոյ մայրաքաղաքը անցած պիտի ըլլայ ռուսական զօրքերու տիրապետութեան տակ։
Եթէ այդպիսի բան պատահի, արդէն մենք մօտեցած կըլլանք, բոլորովին նոր փուլէ մը, եւ անկէ ետք ըլլալիք զարգացումները շատ հաւանաբար պիտի ըլլան այս տագնապը հանգեցնելու տանող հիմնարար քայլեր։
Անկախ մեր նախասիրութիւններէն ու նաեւ հաշուի նստելով Ռուսաստանի ռազմական գերակայութեան հետ, տեղ մը պիտի ընդունինք, որ ուշ կամ կանուխ Ռուսաստան պիտի յաղթէ այս պատերազմը։
«Պիտի յաղթէ» ըսելը բաւականին պատասխանատու մօտեցում մըն է, տրուած ըլլալով, որ գալիք օրերը իրենց հետ կրնան բերել (յաղթող կողմին համար անշուշտ), որոնք կրնան նուազեցնել կերտուած յաղթանակին քաղաքական դրամագլուխէն։
Ամէն պարագայի, յստակ է նաեւ, որ Ուքրանիոյ այս պատերազմը երբեք պիտի չունենայ համաշխարհային պատերազմ մը հրահրելու իրական ներուժը, որուն մասին ալ կը խօսուէր օրեր առաջ։
Քիէւ ինչքա՞ն պիտի դիմանայ
Գաղտնիք չէ արդէն, որ ռուսաստանեան բանակի տարբեր ստորաբաժանումներ կ՚ուղղուին դէպի մայրաքաղաք Քիէւ։
Մայրաքաղաքը կը յայտնուած է ռուսական հրետանին թնդանօթներու ամենատարբեր տրամաչափի խողովակներուն թիրախին եւ կեանքը այնտեղ համարեայ թէ անդամալուծուած է։
Այս առումով ամենակարեւոր տուեալը, որ նաեւ իր մէջ ունէր խորհրդանշական իմաստ մը, Քիէւի պետական հեռատեսելի կայանին գլխաւոր աշտարակին ռմբակոծումն էր։ Եղածին մասին շատ հաւանաբար ռուսական կողմը ընտրած էր «ժամանակը եկաւ, որ ալ լռէք» ընդհանուր խորագիրը, եւ անշուշտ նման «տրամաթիք» քայլով մը Մոսկուա ծանրակշիռ ճիգեր գործի դրած է, անով բանալու նոր եւ վերջնական յաղթանակի ընդհանուր փուլը։
Մինչ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զէլէնսքի Եւրամիութեան ժողովին յատուկ ուղերձով մը հանդէս գալով կը ներկայացնէր իր զինուած ուժերուն արարքները, զանոնք համարելով հեռոսական սխրանքներ, անդին Ռուսաստանի Պաշտտպանութեան Նախարար Զօր. Շոյկու կը յայտարարէր, որ Ռուսաստանի կողմէ ընթացք առած ռազմական գործողութիւնը պիտի շարունակուի, մինչեւ, որ Ռուսաստան հասնի իր վերջնական նպատակներուն եւ զինաթափ ընէ Քիէւի գործող իշխանութիւնները։
Ուշագրաւ էր նաեւ, որ Զէլէնսքի իր արտասանած խօսքէն ժամեր անց բոլորովին նոր ոճով մը հեռախօսակապ մը կը հասատէր ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընին հետ եւ աղերսական շեշտով մը անկէ կը խնդրէր միջամտել, որպէսզի Ռուսաստանի կողմէ շղթայազերծուած այս ռազմական գործողութիւնը դադրի։
Բաւական մեծ հարցականներու տեղիք տուող գործիչ է Զէլէնսքին, իր անցեալով, կերպարով, յետոյ իշխանութեան գալէն ետք դրսեւորած ոճով եւ մօտեցումներով, բայց մանաւանդ իրավիճակները ճիշդ չգնահատելու անճառակութեամբ, որ նաեւ շատ մը վերլուծաբաններու կարծիքով կը համարուի այս պատերազմի «կայացման» ամենապատասխանատու կէտը եւ դուռը։ Տակաւին երկար ժամանակի վրայ ուքրանացիք պիտի փորձեն «իրական» դատողութեան մը կանչել իրենց խիղճը, թէ ինչ տիպի գործիչի մը յանձնեցին իրենց երկիրը, որ իշխանութեան հասաւ յանուն ժողովրդավարութեան, ու ըրաւ ամէն ինչ, որ իր երկիրը յայտնուի այսպիսի խայտառակ վիճակի մը մէջ։
Անտեսեց իր հարեւան երկրին ներկայութիւնը, բարեկամութիւն հաստատեց Արեւմուտքի հետ (եւ լաւ ըրաւ) սակայն տեղ մը մոռցաւ, որ այն Արեւմուտքը, որուն կը վստահի ինք, զինք պիտի լքեն ամենավտանգաւոր պահուն։
Ի դէպ այդ ճշմարտութեան մասին ալ ինք բացայայտ կերպով ըսաւ։
Ամէն պարագայի եղած դէպքերը, արագ զարգացումները, պատերազմը եւ Ուքրանիոյ մէջ ստեղծուելիք յետ-պատերազմեան իրադրութիւնը կու գան փաստելու, որ Ուքրանիան նախ շատ երկար ժամանակի կարիքը պիտի ունենայ վերստին ոտքի կանգնելու համար, եւ անշուշտ երկար շատ երկար ժամանակի համար ընդհանրապէս մտքահան պիտի ընէ, այն գաղափարը, որ այդ տարածքը կրնայ «պոկուիլ» Ռուսաստեանեան ընդհանուր տրամաբանութիւնէն ու անկէ անդին ալ դառնալ Արեւմտուքի գործիք։
Լաւրով հարցերը «զէրօ կէտ»ին կը բերէ
Պատերազմի ողջ տեւողութեան, բոլորս ալ նկատեցինք, որ երկու կողմերը, (ոչ թէ Ռուսաստանն ու Ուքրանիան, այլ Ռուսաստանն ու Արեւմտեան Պլոքը) առիթ չփախցուցին իրար «պատգամներ» ուղարկելու։ Մինչ Արեւմուտքը հանդէս կու գար ժողովրդավարութեան պաշտպանի իր հին-նոր դերով, իսկ Ռուսաստան մէջտեղ կը հանէր «նոր նացիստներ»ու վարկածը, որ Մոսկուայի կարծիքով մտավախութեան աղբիւր էր իր համար։
Այս ընդհանուր ֆոնին վրայ ուշագրաւ յայտարարութեամբ մը հանդէս եկաւ Ռուսաստանի ԱԳ նախարար Սէրկէյ Լաւրով, որ առանց բառերուն ետին թաքնուելու դիտել տուաւ, որ ժամանակը եկած է, որ Եւրոպան դառնայ կորիզային գլուխներ պարունակող հրթիռներէ զերծ մայրացամաք մը։
Այսպիսով, ան սեղանի վրայ կը դնէր բաւական կնճռոտ, բայց եւ այնպէս լուծման արժանի եղող հիմնախնդիր մը, որ ոչ միայն Ռուս-Ուքրանական տագնապով ջուրի երես կը հանուէր, այլ մարդկութեան համար մտատանջող խնդիր էր։
Ամբողջ աշխարհին համար խոր մտահոգութիւն է կորոիզային սպառազինման հարցը, եւ այդ առումով ալ ամենամեծ ապացոյցը Ռուսաց նախագահ Վ.Փութինի կողմէ կատարուած յայտարարութիւնն էր, երբ ան «զգօն ըլլալու» կոչ մը կ՚ընէր իր երկրի կորիզային սպառազինութեան ուժերուն։
Ամէն պարագայի յստակ սկսած է դառնալ, որ այս պատերազմը, եթէ տեղ մը նոր սահմանագծումներու փուլը պիտի բանայ, ան նաեւ պիտի բանայ քաղաքական նոր տեսակի մօտեցումներու փուլը, եւ խաղացողները պիտի դնէ իրենց իրական դերին մէջ։ Մեծ առումով այս պատերազմին մեծագոյն տուժողը պիտի ըլլայ Ուքրանիոյ ժողովուրդը, սակայն քաղաքական առումով ալ այս պատերազմը մեծ բեռ պիտի դառնայ դրուած «ծեր» եւ «յոգնած» Եւրոպայի ուսերուն, որուն առջեւ շատ ժամանակ ալ չկայ ճիշդ կողմնորոշումներ կատարելու, կամ ալ Ռուս-Ամերիկեան, կամ Ամերիկ-Չինական մեծ պայքարներուն ու մրցակցութիւններուն մէջ դրական իրաւարարի դերը կատարելու։
Եւրոպան «հօրով-մօրով» մտած է Միացեալ Նահանգներու թեւերուն տակ ու նաեւ չի բացառուիր, որ ԱՄՆ անոր հետ վարուի, ինչպէս վարուեցաւ Աֆղանիստանին եւ ինչպէս այսօր կը վարուի Ուքրանիոյ հետ։
Իրավիճակը այսօր յղի է մեծ զարգացումներով, յղի է, ոչ միայն մարդկային ճակատագրեր բեկելու, տնտեսական կերտուածք ունեցող խնդիրներու, ռազմական նոր տիպի զէնքեր օգտագործելու ու վաղը անոնց աւելի լաւը հրապարակ հանելու միտումներով, այլ ջրբաժանային է քաղաքական մօտեցումներու յղացքներով։
Առաջուան աշխարհը չկայ այլեւս, կայ նոր աշխարհ մը, որուն ծննդաբերութիւնը կը կատարուի «կեսարեան» միջոցներով եւ որ նաեւ կը նախորդէ ԱՄՆ-Չինաստան մեծագոյն պայքարի առաջին ռաուընտ-փուլի մը, որուն ոչ բոլոր ծայրերուն մէջ կրնան զինուորական միջամտութիւններ ըլլալ։
Տարբեր պատկերացումներ կան այդ մեծ պայքարին առընթեր, սակայն դեռ վաղ է այդ մասին խօսիլ, պէտք է ճիշդ դիտարկել Քիէւի մէջ եղած-ըլլալիքը եւ անկէ ետք նոր «տեսարաններ»ու սպասել։
Սագօ Արեան